ԱՂՔԱՏ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ՝ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻ

Այսօր յաճախ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ համար «ձրի առի՛ք, ձրի՛ տուէք» քարոզող Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցին իր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը որոշ գումարի դիմաց կը մատուցէ ժողովուրդին։ Պատմութիւնը կու գայ ըսելու, որ այդ «որոշում»ը իրականութեան մէջ սկիզբ առած է 13-րդ դարուն։ Պատմիչին համաձայն՝ խումբ մը եպիսկոպոսներ՝ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ ստորագրած են որոշում մը, որով կը հաստատուի, որ ծիսական արարողութիւնները պէտք է կատարուին որոշ նուիրատուութեան եւ գումարի փոխարէն։ Անշուշտ, օրուան ժողովուրդի կողմէ այդ մէկը դրական ընդունելութիւն չգտաւ. Օրմանեան «Ազգապատում»ի Բ. հատորին մէջ այս կապակցութեամբ կը գրէ. «Բարձրաբերդցիին առաջարկները կամ Սիսի որոշումները լաւ ընդունելութեան չարժանացան, ծանր թուեցաւ հրամանն, զոր պատմիչը ագահութեան եւ արծաթասիրութեան կը վերագրէ»։ Մինչեւ այդ ժողովուրդէն սրտաբուխ նուիրատուութիւն հաւաքող եկեղեցին, այս որոշումով արդէն ծէսերը հաստատուած գումարի մը դիմաց՝ նուիրատուութեան մը դիմաց ընել կը խոստանար: 

Իսկ այսօր ի՞նչ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պարագան. 

Մեր եկեղեցիները այսպէս կամ այնպէս ունին նիւթական մեծ կարողութիւններ եւ կը հաւատանք, որ այդ կարողութեան շա՜տ աննշան մէկ մասը ժողովուրդի ծառայութեան տակ կը դրուի. օրինակի համար, եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կը կառուցուի դպրոց մը. այդ դպրոցը որպէս «բարիք» կը մատուցուի ժողովուրդին, սակայն, եթէ նկատի ունենանք կրթաթոշակներն ու արձանագրութեան վճարները՝ պիտի նշմարենք, որ այդ բոլորը «բարիք» ըլլալու կողքին նիւթաբեր միջոցներու ստեղծում են: Մի՛շտ ալ հաւատացած ենք, որ հայ դպրոցը երբեք հասութաբեր միջոց կարելի չէ ընդունիլ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մանաւանդ՝ մեր հիմնական նպատակը հայը հայ պահելն է եւ անոր լաւագոյն միջոցը հայ դպրոցն է: Օրինակ վերցնենք Լիբանանը. շատ մը հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները արաբական դպրոցներ կը ղրկէին եւ գուցէ մինչեւ այսօր կը ղրկեն, որովհետեւ հայկական դպրոցին կրթաթոշակը շատ անգամ կրնայ անհաւատալի ըլլալ. բազմաթի՜ւ հայեր գիտեմ, որոնք իրենց պսակադրութիւնը, իրենց զաւակներուն մկրտութիւնը կատարած են օտար՝ արաբական եկեղեցիներու մէջ՝ նկատի ունենալով ծախսը, որ եկեղեցին իրենց դիմաց կը դնէ: Այո, լաւապէս գիտենք, որ թէ՛ դպրոցը եւ թէ եկեղեցին որոշ նիւթականի կարիք ունի՝ իր պէտքերը հոգալու, սակայն, այդ մէկը ո՛չ ծէսերն են եւ ո՛չ ալ հայ աշակերտի հայկական վարժարան յաճախելը։ Եկեղեցիները ունին հսկայական կալւածներ, թող այդ բոլորը ծառայեցնեն հայ աշակերտը անվճար կրթելու, հայ երիտասարդը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ միաւորելու համար: 

Այսօր բոլորս ալ կը տեսնենք, որ թէ՛ Էջմիածինի եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ կը կատարուին շինութիւններ ու նորոգութիւններ. ըսեմ, որ այդ շինութիւններն ու նորոգութիւնները նոր՝ վերջին ժամանակներու յատուկ երեւոյթ մը եւ իրողութիւն մը չէ. մի՛շտ եղած է եւ կը շարունակուի ըլլալ. մեր եկեղեցիները քարերու վրայ ներդրում ընելու փոխարէն պէտք է ժողովուրդին վրայ ներդրում ընեն։ Անթիլիասի մէջ շէնք մը աւելի կառուցելէն շատ աւելի առաջնահերթ է. օրինակ՝ Գամիշլիի հայկական դպրոցին վիճակը, Յորդանանի հայկական դպրոցը. սփիւռքէ ներս շատ մը երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներու անմխիթար վիճակը: 

Կաթողիկոսի մը առաքելութիւնը իր ժողովուրդին ծառայելն է. վերջերս համացանցի մէջ կը տարածուէր խօսք մը, ուր Արամ Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Անթիլիասի հզօրութեան աղբիւրը ժողովուրդն է, իսկ ծառայութեան դաշտը դարձեալ ժողովուրդն է»։ Ո՜վ Վեհափառ Տէր, ձեր գահակալութեան 30-ամեակի տօնախմբութիւններուն շուրջ ծախսուած գումարները եթէ յատկացուէր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աղքատութեան մէջ տապալող մեր ժողովուրդի զաւակներու բարօրութեան, ձեր այս խօսքը ինչքա՜ն աւելի իմաստ ու նշանակութիւն պիտի ունենար: Ճաշկերոյթներու յատկացուած մեծամեծ գումարները եթէ յատկացուէր սփիւռքի մէջ իր գոյութիւնը քաշքշող վարժարանի մը՝ գուցէ ամբողջ կրթական տարեշրջան մը աւելի հեզասահ ընթանար ու ծառայութեան դաշտը աւելի իմաստաւորուէր: Ի դէպ ըսենք, որ մենք անձերը չէ՛, որ կը քննադատենք, մենք երեւոյթն է, որ կը քննադատենք։ Երբ Էջմիածնի կամ Անթիլիասի դէմ բան մը կը գրենք, այդ չի նշանակեր, թէ կը քարկոծենք այդ հաստատութիւնները. անմիտներու յատուկ այդ հասկացողութենէն պէտք է դուրս գայ մեր ժողովուրդը: 

Որպէս վերջաբան կ՚ուզենք դարձեալ հաստատել մեր համոզումը. ազգին ծառայելու կոչուած հաստատութիւն մը մեծ հարստութիւններ ունենալու իրաւունքը չունի՛ եւ չի կրնար ունենալ. կուսակցութիւնները, եկեղեցին, միութիւններն ու հաստատութիւնները եթէ որպէս հիմք ունինք ժողովուրդը, ապա իրենց հարստութիւնները սեփական շահերու փոխարէն պէտք է ծառայէ ժողովուրդի բարօրութեան։ Ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու կոչուածները յանկարծ իրենց կեանքերը կը բարելաւեն: Սարսափելին սակայն, ժողովուրդին ծառայելու հաշւոյն դրամահաւաքներ կազմակերպողներն են. գումար կը պահանջեն, որպէսզի ժողովուրդին յատկացնեն, սակայն յատկացուած գումարէն հազիւ տասանորդ մը ժողովուրդին բաժին կ՚իյնայ... եւ այդ բոլորը կը ներկայացնեն որպէս «ծառայութիւն» ու բարեգործութիւն:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ ժողովուրդին ծառայելու կոչուած հաստատութիւններ ժողովուրդը հարստացնելու փոխարէն իրենք կը հարստանան:

Պատասխան. Ժողովուրդին ծառայելու կոչուած շատ մը հաստատութիւններ՝ ներառեալ կրօնական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ, երբեմն կը շեղին իրենց սկզբնական առաքելութենէն: Ժողովուրդին աջակցելու փոխարէն, ղեկավարներէն շատեր առաջնահերթ կը նկատէ սեփական շահերը եւ հիմնական ծառայութիւնը երկրորդական կը դառնայ: Ծառայելու կոչուած հաստատութիւնը ժամանակի ընթացքին կը վերածուի ինքն իր գոյութեան համար ապրող կառոյցի, ուր այլեւս առաջնահերթ նպատակը ժողովուրդին բարօրութիւնը չ՚ըլլար, այլ այդ մէկը պարզապէս գործիք կը դառնայ հարստութիւն եւ ազդեցութիւն ապահովելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025