ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր բարեյիշատակ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի եւ միաբանութեան վախճանեալ անդամուհիներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթավերջին նախատեսուած է վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Գալֆաեան տան ընտանիքը ձեռնարկեց այս յարգանքի այցելութեան։ Խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլու եւ ընկերները եւս մասնակցեցան աղօթքին։ Դպրոցէն խումբ մը սաներ ալ փութացած էին գերեզմանատուն։ Հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ հայր սուրբը անոնց ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Գալֆաեան ուխտին շուրջ։ Հուսկ, ներկաներուն բաժնուեցաւ աւանդական հրուշակը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025