ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ

Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Քարասու Մայօղլուն, որուն կ՚ընկերանար անդամուհիներէն Պեսսէ Քապաք։ Գալֆաեանի ընտանիքը արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան համար։ Ուստի, խնամակալութիւնը կը փափաքի հանրային կարծիքը լուսաբանել՝ այս եզակի կրթօճախի այժմու կացութեան եւ կարիքներուն շուրջ։ Հիւրերը դիտել տուին, որ խնամակալութիւնը այս տարի եւս մեծ եռանդով կը պատրաստուի տարեկան սիրոյ սեղանին, որովհետեւ պիւտճէի լուրջ բաց մը գոյութիւն ունի։

Գալֆաեանի ընտանիքը տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ համայնքային շրջանակներուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի դպրոցը հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ կարողանայ կայուն հունի մը մէջ իրականացնել իր առաքելութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025