Ի՞ՆՉ Կ՚ՈՒԶԷ ԱԶԳԸ
Վարկածներու եւ ախտագին երեւոյթներու մէջ գրողին, լրագրողին անկեղծութիւնը միշտ փորձութիւններու ենթակայ է։ Գրողի մը, լրագրողի մը համար ամենակարեւորն է՝ հասկցուած, ընկալուած ըլլալը։ Ամէն գրող կը գրէ հանրութեան մը համար, իր հանրութեան համար կամ այն հատուածին համար, որ իր մեծ հասարակութեան մէջ կը համարուի զինք հասկցողներու հատուածը կամ խումբը։ Այդ պատճառով է նաեւ, որ գրողը կը դիմէ այդ հանրոյթին՝ ըսելով ու դիմելով․ «Իմ ընթերցողներս», «Ես իմ ընթերցողներուս հետ», այդպէս կը դիմէ գրողը։ Թերեւս այդպէս լաւ կը զգայ ինքզինքը, այդպէս կը փարատէ իր մեծ վախերը. վախեր, որոնք կապ ունին հասկցուիլ-չհասկցուելու հետ։ Վախեր, որոնք զինք կը մղեն համոզուելու, թէ ինք ո՛չ միայն հասկցուած գրող մըն է, այլ աւելին՝ ընդունուած, յարգուած եւ նոյնիսկ սիրուած։
Հոս է նաեւ, որ մեր աչքերուն առջեւ կը յայտնուի ամենահիմնական դրոյթը եւ գլխաւոր հարցը։ Գրողը ի վերջոյ ի՞նչ մակարդակի զիջումներու կը դիմէ, որպէսզի շահի կամ շահած մնայ իր հանրութեան կա՛մ իր ընթերցողներու սիրտն ու միտքը։ Թիւերու խաղին մէջ մտնելէ առաջ, այս բոլորին մէջ հիմնական դրոյթն ու գաղափարը գրողի մը կամ լրագրողի մը անկեղծ ըլլալու հանգամանքն է. բան մը, որ հայ իրականութեան մէջ աւելիով դժուարացաւ Արցախի վերջին պատերազմէն ասդին։ Մինչ այդ պատերազմը, ի հարկէ, կար հաւաքական խօսոյթ մը, որուն ենթարկուելու պարտաւորութիւնը ունէր հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Այդ հասարակութեան շարժող տարրերը՝ անոր միտք եւ ուղղութիւն տալ փորձած անհատները, լրագրողները, արուեստագէտները եւ գրողները յիշենք։ Եթէ արուեստի ոլորտին մէջ հարցը աւելի դիւրին էր, ապա գրողներուն համար կային մեծագոյն դժուարութիւններ։ Արդ, երբ հայութիւնը բոլոր թեւերով յայտնուած է բարդագոյն վիճակներու մէջ, ապա նոյն այդ գրողներէն շատեր ստիպուած են, ընդհանրապէս, հրաժարիլ անկեղծ ըլլալու հրամայականէն եւ տրուիլ հասարակութեան աչքին լաւ կամ յարգուած գրող ըլլալու վիճակին. վիճակներ, որոնք անհատէն կը պահանջեն օտարուիլ իր մտածած ու տեսած իրականութիւններէն եւ դառնալ թութակն ու կրկնողը իր շրջապատին մէջ հանգիստ եւ ուրախ մտավարժանքներու։
Գալով ազգային գրող ըլլալու ախտին։ Եթէ փեսան խափշիկ է, ուրեմն ազգային գրող է։ Եթէ հարսը Նիկարակուայէն է, ուրեմն ազգային գրող է։ Եթէ արձակուրդները Փիլիպեան կղզիներուն վրայ կ՚անցընէ եւ Արարատը կ՚երազէ, ուրեմն ազգային գրող է։ Եթէ գործի համար Պէյրութը, Հալէպը եւ Երեւանը լքած ու Լոս Անճելըս կամ Թորոնթօ հաստատուած է, ո՜հ, այն ատեն ազգային գործիչ է։ Մեր թերթերուն մէջ մարդիկ ու գրողներ մեծ հաշուով սուտեր կը գլորեն։ Մանաւանդ՝ ազգային կեանքին վերաբերեալ յօդուածներուն մեծ տոկոսը կա՛մ չոր քաղաքական վերլուծութիւն է կա՛մ ալ այսօրուան վիճակին մասին դժգոհ խօսք։
Եթէ փորձենք իմանալ, թէ Հալէպի Նոր Գիւղ կամ Պէյրութի Պուրճ Համուտ կամ Հաճըն թաղամասին մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն վիճակը ինչպէ՞ս է, ի՞նչ խնդիրներու կը բախին անոնք, այդ մէկը գրեթէ անկարելի է։ Հայ մարդը՝ միջին վիճակագրութեան հայը, ամէնօրեայ թափով իր սեւ հացի պայքարի հետամուտ հայը, բացակայ է մեր մամուլէն։ Հայ մարդը չկայ։ Կան բոլոր միւսները՝ միութենական ռահվիրաներ, կրօնական գործիչներ, աղմկող ջոջեր եւ մերթ ալ լուռ պատասխանատուներ։ Բոլորը կայ՝ ձեռնարկներով, սրահներու բացումներով, ցուցահանդէս-վաճառքներով։ Կան նաեւ մահազդներով, մահերով ու հոգեհանգիստներով։ Բայց եւ այնպէս, բացակայ է իսկական մարդը՝ հայ մարդը։
Սովորականը, պարզը, նուիրեալը, իր ընտանիքին համար տքնողը, հայութեան մեծ երազներով ապրողը եւ այդ բոլորի կողքին իր առօրեան լռիկ մնջիկ կազմակերպողը չկայ։ Անոնք չկան, բացակայ են, ճամբորդած են, հեռացած են, մոռցուած են եւ կամ անտեսուած։
Կարեւորը, կենսականը առաջին շարքի մարդիկն են, որոնք ամէն կիրակի պիտի աղօթեն եւ Աստուծմէ խնդրեն, որ հասնի ու փրկէ մեզ։ Պահէ ու պահպանէ Հայաստան աշխարհը, պահէ ու պահպանէ մեր եկեղեցին, մեր դպրոցը եւ մեր ակումբը։ Բայց այդ աղօթքները մինչեւ ո՞ւր կրնան հասնիլ։ Արդեօք պիտի կորսուի՞ն տարիներու ընթացքին կառուցուած ու արդէն ժանգոտած խողովակներու մէջ։
Խողովակաշար բառը կարեւոր է այստեղ։ Որովհետեւ այդ առաջին շարքի մարդոցմէ շատ-շատերը, որոնք նոյնիսկ քարտէսի վրայ չեն գիտեր Հայաստանի տեղը, սկսած են օր ու գիշեր տառապիլ ճանապարհներու, կապուղիներու եւ հետեւաբար նաեւ խողովակաշարներու հարցերով։ Այս բոլորին զուգահեռ կայ նաեւ այն վիճակը, որ կը խօսի մեծ բառերու արքայութեան մը մասին։ Այս ճամբով ալ կը գրուին յօդուածներ եւ հրապարակագրական էջեր, ուր դարձեալ բացակայ են՝ անկեղծ հայ մարդն ու անոր ճշմարտութիւնը։
Գրելը, ի հարկէ, կարեւոր է բոլորիս համար, բայց, գրուածը կարդացողներու բանակն ալ արդէն իսկ նօսրացած է։ Ստեղծուած այդ պատկերին դիմաց մարդիկ դուրս գալով իրենց սենեակներէն խորհուրդ կու տան, թէ ինչպէ՞ս պէտք է գրուին յօդուածները։ Նիւթի քանի բառ ըլլալու մասին չէ խօսքը, այլ խորհուրդը մեծ բառերով գրելու մասին է։ Այդ խորհուրդ բաշխողներէն շատ-շատեր, որոնք իրենց մտքին մէջ ալ ունին յայտնի կարծրատիպային անուններ կը մոռնան՝ յօդուածագիրները, որոնք իսկապէս հայ ժողովուրդի փրկութեան համար կը գրեն։ Ուրեմն փրկիչներ են։
Եթէ մեծ բառերով գրեն եւ իրենց յօդուածներուն մէջ գերակշռեն անհասկնալի բառակապակցութիւններ, ապա անոնք ազգային գրողներ են։ Եթէ անոնց ընտանիքի մէկ անդամը՝ զաւակը կամ մերձաւորը օտար ամուսնութիւն կնքած է, ապա յաջողած են։ Եթէ Հալէպի ամենածանր օրերուն տուն ու ծննդավայր լքած եւ հեռաւոր ափեր հասած են ու հոն ալ հայապահպանութեան անունով «գործ» կ՚ընեն՝ տոմսակ կը ծախեն, աթոռ կը շարեն, առաջին շարքի նստողներուն տեղ ցոյց կու տան, ապա դարձեալ ազգային գործիչներ են։
Եթէ Երեւանի իրենց ծուխը փոքր է, գումարները սակաւ են, շրջանակը նեղ ու աղքատ, բայց, յանկարծ առիթ կը ստանան Լոս Արմենոսի լուսաւոր եկեղեցիներուն մէջ բուռվար մը ընելու, դարձեալ ազգային փրկիչներ են։
Եթէ տասն եւ աւելի տարիներէ ի վեր ամէն ամիս Լաս Վեկաս կը հասնին ու ձեռք մը պլոթ կամ բոքէր կը խաղան, եթէ լաւ սիկառ մը կը ծխեն ու Հայաստանի այսօրուան կամ վաղուան իշխանութիւններուն դէմ հայհոյախօսութիւն կը տարածեն, ապա դարձեալ ազգային գրողներ են։
Եթէ իրենց փեսան խափշիկ է, հարսը խառնուրդ մեքսիքացի, իսկ ամէնօրեայ սուրճի ընկերը՝ սպիտակ ամերիկացի մը եւ անոնց պատմութիւններուն մասին իրենք օրն ի բուն գրութիւններ կը մրոտեն, ուրեմն, այդ պարագային ալ փրկուեցանք եւ անոնք դարձեալ փրկիչ գրողներ են։
Վերոնշեալ բոլոր տեսակի գրողները մեծ եւ յաճախ ծանրակշիռ բառեր կը գործածեն։ Շատ ատեն բառարաններ կը բանան, որպէսզի հինցած ու մոռցուած բառերը իրենց պատանքէն հանեն ու ցուցադրութին մը սարքեն։ Այդ ձեւով ալ անոնք կը կոչուին՝ գրողներ, մտաւորականներ, հրապարակագիրներ։ Եւ ազգը պատրաստ է գէթ մէկ անգամ ծունկի գալու եւ գէթ մէկ անգամ փառքի պսակ մը տալու։
Հիմա, հասնկալի՞ է, թէ որու մասին է խօսքը։ Խօսքը կը վերաբերի անոնց, որոնց գրածները կեղծ են, ստապատիր են, իրականութենէ զուրկ, բայց, այդ գիրը կը համապատասխանէ ազգի փնտռածին։ Ի վերջոյ, մեր ազգը ի՞նչ կը փնտռէ, ինչո՞վ կը զուարճանայ եւ յանուն ինչի՞ կը պայքարի։
Պատասխանը՝ ձերն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան