«ՀԱԶԱՐԱՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ»

Մի քանի շաբաթներ առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2025-ի իր էջին մէջ «Հարազատներու հանդիպում» խորագրին տակ գրեց մեր գրչեղբօր՝ Վարանդ Քորթմոսեանի եւ իմ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի երիցագոյն անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհն. Գափաքճեանին կատարած այցելութեան մասին: Այս գրութեան տակ կ՚ուզեմ պահել նոյն խորագիրը, որովհետեւ հակառակ անոր, որ առաջին անգամ բախտաւորութիւնը կ՚ունենայի տեսնելու Տ. Մաշտոց Քահանան, կար հարազատութեան անբացատրելի զգացում մը:

Տէր Մաշտոցին տուած մեր այցելութիւնը տեւեց մօտաւորապէս երեք ժամ, սակայն, այդ երեք ժամը բոլորիս համար մի քանի վայրկեաններու տպաւորութիւն ձգեց, որովհետեւ ինչքա՜ն հաճելի է նստիլ ու զրուցել անձի մը հետ, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ժողովուրդին, գիր ու գրականութեան: Այնպէս ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները, նոյնպէս ալ ինծի համար հետաքրքրական էր ճանչնալ Տէր Մաշտոցը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ ստեղծագործել:

Թող այս գրութիւնը ուղեցոյց ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք Տէր Մաշտոցը մօտէն ճանչնալ կ՚ուզեն. 

Ա.- Տէր Մաշտոցին համար գրելը հանգստութիւն է. Տէր Մաշտոց ընթերցողէն առաջ կը գրէ ի՛նքն իրեն համար, որովհետեւ գրելը վերածած է կեանքի սկզբունքի մը՝ որուն չի կրնար դաւաճանել: Ինչպէս Տէր Հայրը ինք կը կ՚ըսէ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար գրելը ժառանգութիւն է։ Տէր Հօր համար այդ մէկը ո՛չ ժամանց է եւ ո՛չ ալ աշխատանք, այլ պարտք մը՝ որ անհատոյց Տէր Հայրը կու տայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ճամբով իր ժողովուրդին: Թուղթն ու գրիչը Տէր Հօր համար զրուցակիցներ են, որոնց հետ ան կը կիսէ իր միտքերն ու զգացումները, ինչ որ իրեն համար սեփական արժէքներու եւ միտքերու վերաքաղ մըն է: Տէր Հօր համար գրելը հոգեկան պարտք ու պատասխանատուութիւն է: 

Բ.- Տէր Մաշտոցը ունի սորվելու տենչը.- նախապէս եկեղեցւոյ ոլորտին մէջ ըլլալով առիթը ունեցած ենք ծանօթանալու բազմաթի՜ւ քահանաներու. անոնցմէ շատեր տարիքով ինչքան մեծնան՝ այնքան ամենագէտ ըլլալ կը կարծեն: Տէր Մաշտոցի պարագան ամբողջութեամբ հակադիր պատկերն է. հակառակ իր ունեցած գիտելիքներուն, Տէր Մաշտոց ամենայն ազնուութեամբ խօսելէ աւելի լսել սիրող անձն է. կ՚ուզէ լսել եւ կ՚ուզէ սորվիլ. նոյնիսկ եթէ մարդու զրուցակիցը իմաստուն մը չըլլայ՝ դարձեալ մարդ միշտ նոր բան ունի սորվելիք եւ այդ ծարաւը ակնյայտ է Տէր Մաշտոցի մօտ: Այս մէկը ցոյց կու տայ Տէր Հօր խոնարհութիւնն ու գիտութեան հանդէպ հետաքրքրասիրութիւնը: Մարդ եթէ ինքզինք ամենագէտ կարծէ, ինքնաբերաբար կը կորսնցնէ նորը սորվելու տենչը, սակայն, Տէր Մաշտոց ունի նորը սորվելու ընդունակութիւնը, ցոյց տալով, որ ճշմարիտ իմաստութիւնը ո՛չ թէ շատ բան գիտնալու, այլ շատ բան սորվիլ ուզելուն մէջ է:

Գ.- Տէր Մաշտոց մտահոգ է.- երեք ժամուան մեր զրոյցի հիմնական նիւթը հայ ժողովուրդի ներկայ, ինչպէս նաեւ հնարաւոր ապագան էր եւ Տէր Մաշտոց չափազանց մտահոգ էր այդ բոլորով։ Նոր սերունդը կամաց կամաց կը մոռնայ իր մայրենի լեզուն, հայ երիտասարդներ որպէս կողակից կ՚ընտրեն այլազգը, եկեղեցիէն հաւատացեալները կը նուազին, հայերուն գիրք ու մամուլ ընթերցողներու թիւը լուրջ ձեւով կը նուազի եւ այս բոլորին դիմաց լաւատես ըլլալը հնարաւոր չէ. եթէ հնարաւոր ըլլայ, Տէր Մաշտոց պատրաստ է այս բոլորը դէպի դրական առաջնորդելու, որովհետեւ այդ բոլորին դրական ընթացքը հոգեկան ուրախութիւն կը պատճառէ Տէր Հօր: 

Կարդացէ՛ք Տէր Մաշտոցի գրութիւնները, որոնց մէջ պիտի գտնէք մարդ արարածը՝ իր մտահոգութիւններով, իր ուրախութիւններով եւ իր ամբողջական էութեամբ։ Տէր Հօր գրութիւնները շատ անգամ ինչքան ալ հոգեւոր թուին, իրականութեան մէջ մարդկային կեանքն է, որ կը պատմեն։ Ահաւասի՛կ, անոնցմէ մէկը՝ հրատարակուած երեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2025-ին. «Մարդ միշտ հեռո՜ւն կը փնտռէ երջանկութիւնը եւ չի տեսներ ներկայ երջանկութիւնը. զոր օրինակ՝ շնչառութիւնը երջանկութիւն մըն է, եթէ խորհինք, թէ կան շնչառութեան դժուարութիւն ունեցողներ, յետոյ գաւաթ մը ջուրը նոյնիսկ երջանկութեան շարժառիթ կրնայ ըլլալ, երբ պուտ մը ջուրի կարօտը ունեցող ծարաւիներու գոյութեան հաւանականութիւնը նկատի ունենանք։ Արժէք մը եթէ ձեր քովն է, զայն կարելի չէ ամբողջովին գնահատել, բայց, երբ հեռանայ կամ կորսուի, այն ատեն կը հասկցուի անոր իրական արժէքը. ինչպէս՝ երջանկութիւնը…»։ Ահաւասի՛կ, պարզ տողերու մէջ ամփոփուած մարդկային կեանքի կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը՝ որուն գիտակցութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ մարդու մը կեանքը կերպարանափոխել: 

Տէր Մաշտոցը իր կեանքի օրինակով վկան է այն բոլորին՝ զոր կը գրէ. «Մարդ պէտք է կարելին ընէ՝ յուսայ եւ ջանք թափէ, որպէսզի վաղը աւելի արդիւնալի ըլլայ՝ քան այսօրը։ Մարդ աշխարհ եկած է աշխատելու, աշխատելով, գործելով իր կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար»։ Տէր Հայրը հազուագիւտ անձերէն է, որ կը փորձէ իր գրիչով եւ իմաստութեամբ աւելի արդիւնալի «վաղը» մը ստեղծել, որովհետեւ եթէ մեր այսօրուան վկայ հիմնենք մեր «վաղը»... ապա այնքան ալ փայլուն վիճակ մը կրնանք չտեսնել: 

Թող Տէր Մաշտոցն ու անոր նմանները անպակաս ըլլան մեր ազգէն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Գրելը ինչպէ՞ս մարդոց կրնայ ուրախութիւն պատճառել:

Պատասխան. Գրելը կրնայ մարդոց ուրախութիւն պատճառել, որովհետեւ բառերը կրնան հաղորդել զգացումներ, յուշեր ու մտորումներ, որոնք մարդուն սիրտին կը դպնան: Գրելը միջոց է ուրիշը ոգեւորելու, ուրախացնելու կամ փորձառութիւններ փոխանցելու եւ անոր ազդեցութիւնը ուժգին է եւ մարդուն անսահման ուրախութիւն կը պատճառէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2025