ՄՂՁԱՒԱՆՋ ՄԸՆ Է ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԲԵՄՆ
Ժամանակաւոր՝ անցողական կեանք մը կ՚ապրինք աշխարհի վրայ՝ ուր կը տիրէ անորոշութիւն, անհոգութիւն, անապահովութիւն, վտանգ, վախ, կասկած, ոճիր եւ մա՛հ։ Կեանքը նաեւ լեցուն է բոլորովին հակադիր վիճակներով՝ ցաւ եւ խանդ, վիշտ եւ խինդ, բաժանում եւ միացում, արցունք եւ ժպիտ, դժբախտութիւն եւ երջանկութիւն եւ այլն։
Յիսուս փուշէ պսակը գլխուն՝ չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ նուաղեցան Անոր քաղցր աչքերը եւ Ան մեռաւ մեր մեղքերուն համար։ Սակայն գերեզմանը իր մէջ չկրցաւ պարփակել զԱյն եւ երրորդ օրը յաղթականօրէն յարեաւ գերեզմանէն։ Եւ Ան կ՚ապրի եւ բոլորս կը հրաւիրէ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։ Ո՞վ կրնայ տալ մէկուն ներքին՝ սրտի խաղաղութիւն. միա՛յն Յիսուս։ Ո՞վ կրնայ բոլորովին փարատել մղձաւանջը…
Հաւատացեալը երբ Յիսուսի կը դիմէ՝ ինչո՞ւ ցաւ, վիշտ, նեղութիւն, հիւանդութիւն, տառապանք, հոգ եւ մտահոգութիւն ունենայ. ինչո՞ւ տարակուսանք, ինչո՞ւ անորոշութիւն, քանի որ ահաւասիկ ճշմարտութիւնը արդէն յայտնուած՝ պատրա՛ստ է Իր հովանիին ներքեւ պահել եւ պահպանել եւ Իր վրայ առնել ամէն հոգ, ամէն նեղութիւն՝ որ կը տանջեն հաւատացեալը թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս։
Կեանքի մէջ յաճախ անյուսութեան սե՜ւ ամպեր կը կուտակուին հաւատացեալին լո՜ւռ երկնակամարին վրայ. կը խորհի, թէ կեանքին վերջալոյսը հասած է։ Աղօթքները անպատասխան կը մնան, կը կարծէ աղօթողը՝ այլեւս պիտի չկարենայ իր առօրեայ կեանքին վերադառնալ, պիտի չկարենայ համախմբուիլ իր բարեկամներուն հետ եւ պիտի զրկուի անոնց բարեկամութենէն եւ աւելին՝ այլեւս պիտի չկարենայ երթալ Եկեղեցի՝ ո՛ւր կը մխիթարուէր։
Ահաւասի՛կ, այդ մութ խաւարապատ պահուն Աստուած՝ Տէրն մեր կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, քանի որ Ե՛ս քեզի հետ եմ։ Մի՛ զարհուրիր, որովհետեւ ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ եւ քեզի միշտ օգնութիւն պիտի ընեմ եւ Իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ». (ԵՍԱՅ. ԽԱ 10)։ Իսկ Յակոբոս առաքեալ կը գրէ. «Աստուծո՛յ յուսա։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի»։ (ՅԱԿՈԲ. Ե 16)։ Եւ Պետրոս առաքեալ ամենայն վստահութեամբ կ՚ըսէ. «Ձեր ամէն հոգը Անոր վրայ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ Անիկա ձեզի համար կը հոգայ». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։
Վստահ գիտնանք, որ մահուան շուքի ձորին մէջ մեր Տէրը մեզի հետ կը քալէ եւ մեզ կ՚առաջնորդէ. (ՍԱՂՄ. ԻԳ 4), եւ քաջաբար ըսենք. «Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը եւ Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար. որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ եւ կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 2-3)։ Տէրը մի՛շտ կենդանի է՝ մի՛շտ կ՚ապրի։
Հաւատացեալը կ՚ունենայ նեղութիւններ՝ հոգեկան, մտային, նիւթական, մարմնական-ֆիզիքական դժուարութիւններ. յաճախ «Չար»ը զօրաւոր կերպով կը յարձակի, կը խոյանայ իր վրայ. կեանքի ծովուն եզերքը հասած է արդէն՝ թշնամին հասնելու վրայ է ետեւը… Բայց ահա՛, հո՛ն է Աստուած։ Հաւատքի գաւազանը զարկ ջուրերուն՝ ցամաքով, ապահով պիտի անցնիս միւս կողմ, եւ մի՛ տարակուսիր…
Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Եւ Տէրը կ՚ապրի, մի՛շտ պատրաստ է։
Հաւատացեալը կ՚ունենայ յարափոփոխ հոգեվիճակներ եւ կամաւ ակամայ կ՚իյնայ փորձութեան մէջ։ Թէեւ ամէն օր կ՚աղօթենք Տէրունական աղօթքով, բայց կրկին կրկին կ՚իյնանք փորձութեան մէջ։
Յոբ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ եւ նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր». (ՅՈԲ. ԺԵ 5), եւ կը շարունակէ. «Քու բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ եւ ո՛չ թէ՝ ես։ Քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն». (ՅՈԲ. ԺԶ 6)։ «Ամէն բանի ատենը կայ… լռելու ժամանակ եւ խօսելու ժամանակ». (ԺՈՂՈՎ. Գ 1 եւ 7)։
Իմ հոգեւոր կեանքի մէջ փորձառութիւնս սա եղաւ. հաւատալը աւելի բնական է եւ դիւրի՛ն, քան՝ չհաւատալը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 1, 2025, Իսթանպուլ