ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր սարքուեցաւ հերթական սիրոյ սեղանը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ ալ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը, որու արդիւնքը, դժբախտաբար, չարդարացուց ակնկալութիւնները։ Այսպէսով, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին առջեւ կը բացուի դժուար շրջան մը եւս, երբ դպրոցի տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռման հեւքը դարձեալ պիտի ձգուի երկար ամիսներու վրայ։

Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Քահվէճիօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Քարոզէն վերջ Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 26-րդ տարեդարձին առթիւ։ Այս առթիւ Բարձրեալին աղօթք վերառաքուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան, գաւազանի զօրութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան ու պայծառութեան համար։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Բազմաթիւ բարերարներ, համայնքային վարիչներ, ծանօթ ազգայիններ եւ հիւրեր ներկայ էին հաւաքոյթին։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Գարէն Թէրզիեանի հանդիսավարութեամբ։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ ելոյթներ ունեցան՝ անդրադառնալով դպրոցի կարիքներուն։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան դպրոցի սաները։ Իսկ Վարդանանց երգչախումբին կողմէ ներկայացուած աշխարհիկ երգերու փունջը իսկական վայելքի մը վերածուեցաւ բոլորին կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին անունով յուշանուէր մը ստացաւ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Թաղային խորհուրդը փափաքած էր մեծարել նաեւ բազմամեայ ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որ տասնամեակներէ ի վեր անձնուրաց ծառայութիւն կը մատուցէ։ Ան յուշանուէրը ստացաւ կողակցին՝ Լուսին Էօղէրի եւ զաւակներուն հետ։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան խօսքով։ Այս փուլին ան բացատրեց, որ համայնքային կեանքէն ներս որոշ երեւոյթներ առաջին հայեացքով թէեւ միապաղաղութեան տպաւորութիւն մը կը ստեղծեն, սակայն, խորքին մէջ անոնք կը համարուին կենսունակութեան նշան։

Հուսկ բանքէն վերջ բոլորը արձակուեցան՝ զօրակցութիւն յայտնելով թաղային խորհուրդին, որուն առջեւ ուրուագծուած է բարդ աշխատանքի մը հորիզոնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2025