«ՄԵՆՔ ԱՏԱՆԿ ՉԵՆՔ…»

Հակառակ հազարաւոր տարիներու գոյութեան՝ հայու ինքնութիւնը՝ մա՛նաւանդ հայուն համար կը շարունակէ մնալ անլուծելի հանելուկ։ Տարօրինակ ձեւով մենք մեզի համար կը շարունակենք անծանօթ մնալ, սակայն, օտարը որոշ համարում ու տեսակէտ կ՚ունենայ մեր ազգին մասին՝ ինչ որ կը շարունակէ մնալ անճիշդ եւ կամ ժամանակավրէպ: Հայը ինքն իր մասին ունի աղօտ պատկերացում մը, սակայն, զարմանալի ձեւով օտարը ունի պատկերացում մը՝ որ շատ անգամ զարմանքի կը մատնէ նոյնիսկ հայը: 

Տասնամեակներ առաջ երկու հայեր գնացք կը բարձրանան. անոնցմէ մին կը սկսի հայերէն թերթ կարդալ. անոնց քովը նստող հետաքրքիր օտարական մը ուշադրութեամբ աչքին ծայրով կը զննէ թերթը եւ կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ո՞ր լեզուով հրատարակուած է։ Երբ կը գիտնայ, թէ ուղեւորները հայեր են, կը սկսի հայ ժողովուրդի գովքը կատարել։ Գերմաներէն գիտցող հայը իր ընկերոջ՝ հայրենակիցին կը թարգմանէ օտարին ըսածները. գերմաներէն չգիտցող ընկերը կ՚ըսէ. «Ըսէ անոր, որ մենք ատանկ չենք»:

Բացէ՛ք պատմութիւնը եւ փորձեցէք ուսումնասիրել, թէ օտարներ ժամանակի ընթացքին ի՞նչ կարծիք ունեցած են հայ ժողովուրդին մասին եւ ապա մեր ազգի ներկայ վիճակը աչքի դիմաց ունենալով անգամ մը հարց տուէք. մենք իրապէս այն ա՞զգն ենք, որ մարդիկ կը կարծեն… եւ այդ կարծիքները աւելի պարզ ու յստակ դարձնելու համար յիշենք անոնցմէ մի քանին. 

Ամերիկացի գրող Ճոն Շթայնպերկ (John Steinbeck) իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Հայերը հպարտ, հին եւ խելացի ժողովուրդ են: Անոնք տեսած են ամէն ինչ, դիմացած են եւ աւելի զօրացած». ամերիկացի գրողը ըսել կ՚ուզէ, որ հայ ժողովուրդը իր տառապանքներէն դասեր քաղելով օրէ օր դարձած է աւելի զօրաւոր եւ անկոտրում ազգ մը։ Որպէս գովասանք ամերիկացի գրողի խօսքերը գեղեցիկ կը հնչեն, սակայն, հեռու են իրականութենէն. մենք՝ հայերս, մինչեւ օրս մեր պատմական փորձառութիւններէն դասեր չենք քաղած. մենք երբեք օտարներու կարծած «հզօր»ը չենք եղած. դժուարութիւնները մեզ միախմբելու փոխարէն միշտ աւելի բաժնած են. հայերը երբեք աւելի չեն զօրացած. միշտ ալ կրկնած են նոյն սխալները եւ կը շարունակեն կրկնել՝ իրարու հետ պայքարելու փոխարէն իրարու դէմ պայքարելով:

Յայտնի ռուս գրող Փաւել Թշչիչեւ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Հայերը իրենց ձեռներէցութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ, ամէնուրեք կը բարգաւաճին: Անոնք հմուտ առեւտրականներ են, հողագործներ եւ արհեստաւորներ»։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ ռուս մտաւորականին կարծիքները ճշմարտացի են… այդ պարագային հարցը հետեւեալն է. նման բարգաւաճող ազգ մը ինչո՞ւ կը շարունակէ տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ ապրիլ։ Այո, պատմութեան մէջ հմուտ առեւտրականներ ունեցած ենք, սակայն, այդ յաջողութիւնը ո՛չ թէ հաւաքական, այլ անհատական յաջողութիւններ եղած են:

Անշուշտ, յաճախ կը սկսիմ մտածել, որ մենք իրապէս լա՞ւ ազգ մըն ենք՝ սակայն մենք չենք անդրադառնար. օրինակի համար՝ եկեղեցական, կուսակցական եւ գաղութային կեանքին մօտիկ ծանօթ ըլլալով՝ լաւապէս գիտեմ, թէ այդտեղ ինչպիսի բախումներ ու հակառակութիւններ տեղի կ՚ունենան. մեր ժողովուրդը իր եկեղեցականներուն հանդէպ անվստահութիւն ունի, իր կուսակցութիւնները կ՚ատէ՝ մտածելով, որ անոնք լոկ իրենց սեփական շահերուն համար կ՚աշխատին։ Աառիթով մը Լիբանան ստուգման համար գացած էի արաբ բժիշկի մը մօտ. սկսաւ հայ ժողովուրդը գովել. «Ձեր եկեղեցականները մեր եկեղեցականներուն պէս չեն. շատ հաւատարիմ ու հաւատքով են. մերինները չըլլալիք են. դուք որպէս ազգ իրար բռնած էք, իրարու հետ հաշտ էք ու հաւատարիմ էք ձեր աւանդութիւններուն…»: Այդտեղ կարելի՞ էր ըսել, որ «մենք ատանկ չենք…»: Այդտեղ կարելի՞ էր ըսել, թէ մեր ժողովուրդը կը կարծէ, որ հայ հոգեւորականը ունի մի քանի միլիոն տոլար, ունի կին ու սիրած, գուցէ նաեւ զաւակներ. կարելի՞ էր ըսել, թէ մեր կուսակցութիւնները ազգին շահը պաշտպանելու փոխարէն իրարու դէմ կը պայքարին. կարելի՞ էր ըսել, թէ նոր սերունդը արդէն իսկ մոռցած ու հեռացած է իր աւանդութիւններէն. այսօր ամերիկեանն ու եւրոպականը անոնց համար շատ աւելի կ՚արժեն՝ քան սեփական հայկականը: 

Յայտնի մտաւորական Դերենիկ Դեմիրճեան կը գրէ. «Այսպէս է Հայը։ Չի՛ ուզում, որ իրան դիպչեն, մօտենան, սիրեն թէկուզ»։ Այս համոզումով չէ՛ որ տարօրինակ կը գտնենք օտար մտաւորականներու կարծիքը. տարօրինակ կը գտնենք, որովհետեւ լաւապէս գիտենք, որ մենք այն չենք՝ ինչ որ կը փորձենք երեւիլ ամբողջ աշխարհին: Երեւոյթը օտարը կրնայ խաբել, սակայն այդ նոյն երեւոյթով ինքնախաբէութիւն այդքան ալ հնարաւոր չէ…:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է հայ ժողովուրդին մեծագոյն թերութիւնը:

Պատասխան. Շատ մը պատմական դիտարկումներու համաձայն՝ հայ ժողովուրդի մեծագոյն թերութիւնը կարճատեսութիւնն է, ներկայի խնդիրներու եւ արագ արդիւնքներու կարեւորութիւն տալու հակումն է՝ առանց անոնց երկարաժամկէտ ազդեցութիւնները նկատի ունենալու: Այս մտածելակերպը կը խանգարէ, որպէսզի հայ ժողովուրդը ունենայ կայուն լուծումներ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ մշակութային ոլորտներէն ներս: Այս մէկը ժողովուրդը կ՚առաջնորդէ սխալ ու անհիմն որոշումներ կայացնելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2025