ՄՏԵՐԻՄ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾ

Մարդիկ երբ կը խօսին իրարու հետ, պէ՛տք է որ անկեղծ ըլլան եւ մտերիմ, քանի որ մարդուս խօսքերը պէտք է համաձայն ըլլան իրենց մտածումներուն եւ արարքները՝ խօսքերուն։ Հոն՝ ուր խօսքերը անկեղծ են եւ մտերիմ, հոն ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանայ՝ խաղաղ եւ անխռով։

Մարդիկ, ինչպէս իրարու հետ՝ Աստուծոյ հետ ալ խօսած, այսինքն՝ աղօթած ատեն պէ՛տք է մտերիմ ըլլան եւ անկեղծ։ Արդարեւ, աղօթքը պարզ ձեւակերպութիւն մը, սովորութեան մը արդիւնքը պէտք չէ՛ ըլլայ։ Եւ այս ալ կը նշանակէ հոգիով, միտքով աղօթել, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ մտերիմ եւ անկեղծ ըլլալ։ Պէտք է աղօթել այնպէս, ինչպէս որդի մը կը խօսի իր հօր հետ։ Որդին հօր հետ կը խօսի ամենայն մտերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ, քանի որ հօր եւ որդիի փոխյարաբերութիւնը բնական է՝ զերծ ամէն ձեւակերպութենէ եւ կեղծիքէ։ Բայց, անշուշտ, նաեւ յարգանքէ չհեռանալով։

Ուստի, պէտք չէ՛ մտերմութիւնը շփոթել յարգանքի պակասի հետ։ Մարդ կրնայ ըլլալ մտերիմ եւ նաեւ՝ յարգելի։ Ուրիշ խօսքով՝ մտերմութիւնը երբեք արգելք չէ յարգանք ցոյց տալու։ Եւ մարդն ալ կրնայ մտերիմ ըլլալ Աստուծոյ հետ, աղօթել մտերմութեան մէջ եւ նաեւ յարգել զԱյն եւ ակնածանքը չկորսնցնել…

 Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք, Աստուծոյ եզակի կ՚արտայայտուինք, որովհետեւ Ան Հայր է եւ հայրութեամբ «եզակի՛»։ Ուստի, մէկու մը եզակի կերպով խօսք ուղղել՝ մտերմութեան նշանակ է եւ ո՛չ թէ յարգանքի պակաս։ Երբ կ՚աղօթենք՝ կ՚ըսենք. «Հայր մեր… տո՛ւր մեզի…», եւ ասիկա Հօր եւ որդիներու յարաբերութեան բնական արտայայտութի՛ւնն է։ Եզակին նաեւ մտերմութեան արտայայտութիւն է. ի՞նչ կ՚արժէ յոգնակիով խօսիլ մէկու մը հետ եւ անկեղծ չըլլալ, յարգանք չունենալ։ Աստուած, որպէս որդիներ, մեզմէ կը պահանջէ անկեղծութիւն եւ մտերմութիւն, իսկ մենք՝ որպէս որդիներ պարտաւոր ենք յարգանքով մօտենալ Անոր։ Վերջապէս, որքան կարեւոր է եւ անհրաժեշտ մտերմութիւնը, անկեղծութիւնը, յարգանքը, նո՛յնքան կարեւոր է սէրը, քանի որ սէրը ամէն բանի սկզբնապատճառը, առանց որու չկա՛յ կեանք…

Այս առթիւ խոստովանելու եմ, որ ես առանձնութեան մէջ վայելել սկսած եմ աւելի եւս մօտենալով Աստուծոյ, մտերմանալ Անոր հետ, ապրիլ զԱյն կեանքիս ամէն պահուն, զգալ Անոր ներկայութիւնը ամէն վայրկեան, քալել՝ զգալով հայրական-հովուական հոգատարութիւնը՝ ապահովութեան մէջ։ Ընտանեկան սկզբնական դաստիարակութեամբ միշտ ինքզինքս «հաւատացեալ» զգացած եմ, բայց նոյնիսկ հասուն տարիքիս Աստուծոյ կ՚աղօթէի, բայց կարծես ձեւականօրէն՝ կարծես որպէս աւանդապահութիւն մը՝ կ՚աղօթէի, որպէսզի պէտք էր աղօթել։ Կ՚աղօթէի Մէկու մը՝ որ վարագոյրին ետեւն էր, կամ պատի մը անդիի կողմը… եւ այսօր կը զգամ, որ գոնէ 10-15 տարի առաջ աղօթքներս այսօրուան չափ մտերիմ եւ թերեւս անկեղծ չէին։ Այսօր այս վարագոյրը այլեւս բացուած է եւ պատը՝ փլչած։ Այսօր երբ կ՚աղօթեմ՝ կը զգամ, որ դէմս Հայր մը կա՛յ, եւ ես որպէս Անոր որդին, մտերիմ, անկեղծ, համարձակ բայց միշտ ակնածանքով եւ յարգանքով՝ սիրով լեցուն կը խօսիմ, կ՚աղօթեմ։

Երբ կ՚աղօթեմ այսօր՝ կը զգամ, գիտեմ, որ Ան քովս է որպէս Հայր, Իր շնորհները, պարգեւները, Իր բարիքները երբ կը վայելեմ կարծես զԱյն, հոգիիս աչքերով կը տեսնեմ Անոր էութիւնը։

Եթէ կ՚ուզէք վայելել Աստուծոյ էութիւը, շատ դիւրին եւ յստակ է այդ. ձեր շնչառութիւնը, առողջութիւնը, օրուան հացը, ջուրը, Սուրբ Գիրք կարդալու մարմնական, հոգեկան եւ մտային կարողութիւնը, ամէն առաւօտ լուսաբացը, արեւածագը տեսնել՝ Լոյսին վկայել Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելել կը նշանակէ։ Այս կը նմանի առանց արեւը տեսնելու՝ անոր լոյսը, ջերմութիւնը եւ զանազան բարիքները վայելելու։ Եւ ես այլեւս չե՛մ հաւատար, այլ յստակ գիտե՛մ, որ Աստուած՝ մեր երկնային Հայրը կը լսէ միշտ, ամէն պահ մեզի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2025