ԴՌՆՓԱԿ ՈՒ ՋԵՐՄ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ե­րէկ Ե­շիլ­գիւ­ղի «Չը­նար» պան­դո­կին մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ քա­ղա­քիս փոք­րա­մաս­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ներ­կայ էին Յու­նաց Պար­թո­լո­մէոս Ա. Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Չե­թին, Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Տքթ. Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու, ՃՀՓ­-ի Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր։

Դռնփակ կա­յա­ցած այս հան­դիպ­ման վե­րա­բե­րեալ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հա­ւա­քոյ­թին նպա­տակն էր փոք­րա­մաս­նու­թեանց ա­ռըն­չուած հար­ցե­րը ուղ­ղա­կի լսել ա­ռա­ջին բեր­նէն։ Իւ­րա­քան­չիւր կրօ­նա­կան խօսք ա­ռաւ եւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ։ Իր խօս­քին մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան անդ­րա­դար­ձաւ Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած դժբախտ ի­րա­դար­ձու­թեան, ո­րու հե­տե­ւան­քով տաս­նեակ ան­մեղ ան­ձեր զո­հուած էին։ Ան այս առ­թիւ ան­գամ մը եւս յայտ­նեց իր ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը։ Ան մաղ­թեց, որ նման դէպ­քեր չպա­տա­հին եւ երկ­րին քա­ղա­քա­ցի­նե­րը վա­յե­լեն խա­ղաղ կե­ցու­թեան մթնո­լոր­տը։ Սրբա­զան Հայ­րը ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի պաշ­տօ­նա­կան ի­րա­վի­ճա­կի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցած հար­ցե­րուն։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին ան դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ ՃՀՓ­-ի մա­սին։ Ըստ ի­րեն, զգա­լի են տե­սա­նե­լի փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան մը փո­խա­րէն, ալ կը տի­րէ ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­վար մտայ­նու­թիւն մը ՃՀՓ­-էն ներս։ Սրբա­զան Հայ­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց կու­սակ­ցա­կան­նե­րուն։

Շուրջ եր­կու ժա­մուան հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր հիւ­րե­րուն ի­րենց ներ­կա­յու­թեան հա­մար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015