ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, որ թաղի հոգեւոր հովիւն է։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն հետ զրուցեց՝ քաղաքիս գլխաւոր հայահոծ թաղի եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի կացութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, իր նկատառման յանձնուած թարմ տեղեկութիւններուն համար եւ յարատեւութիւն մաղթեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն, որպէսզի կարենան պատնէշի վրայ պահել բազմակողմանի գործունէութիւնը։
Նկատի ունենալով, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան թուականը կը մօտենայ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թաղականները խորհրդակցեցան նաեւ այս կապակցութեամբ։