ԱՐԺԱՆԻ ԷԻՆՔ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ
Քաղաքականութեան մասին գրել կամ խօսիլ չեմ սիրեր, սակայն, Հայաստանի ներքին վիճակը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի կամայ թէ ակամայ անդրադարձ ունենանք: Այս գրութեան հիմնական պատճառը մեր ժողովուրդին մէջ տեղ գտած ցեխարձակումն է, որովհետեւ ամէն մարդ կը փորձէ ամբաստանեալ մը ստեղծել՝ առանց անդրադառնալու, որ այդ ամբաստանեալը բոլորս ենք՝ հիմնական պատճառ ունենալով մեր անտարբերութիւնը: Մինչեւ օրս կը տեսնենք, թէ մարդիկ կը փորձեն գտնել պատասխանը «ինչո՞ւ պարտուեցանք»ին՝ հակառակ անոր, որ պատճառները աւելի քան երբեք պարզ ու յստակ են:
Մեր թուականէն մօտաւորապէս երեսուն տարիներ առաջ հայերը յաղթեցին. այդ յաղթանակը իր տակ հիմք ունէր երկու բան. բանակ եւ կամք. անցնող պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդը ո՛չ բանակ ունէր եւ ո՛չ ալ կամք. ի դէպ ըսենք, որ շատ անգամ առանց բանակի՝ նուազագոյն կարողութիւններով պատերազմ մը, որուն կռուողները ունին կամք՝ կրնան յաղթական դուրս գալ եւ այս փաստը հիմնաւորելու համար ըսենք այս մէկը. վիճակագրական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ 1993 թուականին Հայաստանի բանակի տարեկան պիւտճէն եղած է 9.3 միլիոն տոլար. նոյն այդ տարին Ատրպէյճանի բանակի տարեկան պիւտճէն կը կազմէր 77.2 միլիոն տոլար։ Այլ խօսքով՝ Ատրպէյճանի բանակի տարեկան պիւտճէն 730 առ հարիւր տոկոսով աւելի բարձր էր՝ քան Հայաստանինը, սակայն, ինչպէս ըսինք, գոյութիւն ունէր կամք, որ այդ տարբերութիւնը շուքի տակ ձգելով յաղթանակ արձանագրեց հայ ժողովուրդին համար:
Ինչպէս ըսինք, կամքն էր յաղթանակի պատճառը. հիմա վերադառնանք պարտութեան պատճառին. 1993 թուականէն մինչեւ 2021 թուականը՝ Արցախի վերջին պատերազմը Ատրպէյճան իր բանակի պիւտճէն բարձրացուցած է 3406 առ հարիւրի չափով՝ 77 միլիոնը վերածելով 2.7 միլիառ տոլարի. պէտք է ըսել, որ Հայաստան եւս յաջողած է իր բանակի պիւտճէն բարձրացնել, սակայն ոչ այնպէս՝ ինչպէս հարկաւոր էր ընել եւ այս դժբախտութեան մեղաւորը հիներն ու նորերն են՝ առանց խտրութեան. գուցէ յաղթութիւնը պատճա՞ռ եղաւ, որ ինքնավստահութիւն մը ստեղծուի եւ լուրջ ձեւով հոգ չտարուի՞ բանակին: Մեր հիմնական պարտութեան պատճառներէն մէկը բանակն էր, որովհետեւ մեր երկիրը չկրցաւ իր բանակը, իր զինուորը ապրեցնել, պատուել ու զինել այնպէս՝ ինչպէս հարկաւոր էր: Անշուշտ, մեր այս ըսածին հակառակ շատեր պիտի փորձեն ըսել, որ Հայաստան նիւթապէս հարուստ պայմաններ չունէր, մինչ Ատրպէյճան ունէր քարիւղ եւ այլն: Կը կարծենք, որ այս մէկը իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ 1993-էն մինչեւ 2021 թուականը՝ մօտաւորապէս 28 տարի շարունակ հայ սփիւռքը մեծամեծ գումարներ ղրկեց Հայաստան. սփիւռք ապրող հայորդիները պիտի յիշեն, որ նոյնիսկ դպրոցական գրասեղաններէն դրամ կը գանձուէր՝ այս կամ այն հիմնարկին ճամբով Հայաստան ղրկելու:
Հիմա հարցը հետեւեալն է. ո՞ւր մսխուեցան այդ գումարները։ Բանակը զարգացնելու փոխարէն զարգացաւ Երեւանը, որոշ չափով զարգացաւ Արցախը եւ մի քանի «ընտրեալ» շրջաններ, իսկ մնացած միւս մասը հարստացուց աղքատ երկրի մը տարօրինակ ձեւով հարուստ քաղաքական գործիչները: Թէ՛ հիները եւ թէ նորերը ժողովուրդն ու բանակը հարստացնելու փոխարէն իրե՛նք հարստացան. վկայ Հայաստանի նախկին նախագահներու, նախարարներու ունեցուածքն ու ապրելաձեւը: Երկրի մը մէջ երբ նախարարը կը հարստանայ, նախագահն ու վարչապետը կը հարստանան, կը նշանակէ կ՚աղքատանայ ժողովուրդը, կ՚աղքատանայ բանակը, որովհետեւ այն գումարները, որոնք կը գողնան, իրականութեան մէջ մեր՝ ժողովուրդին գումարներն են, որով պէտք է բանակը գոյատեւէ: Այս բոլորը դժբախտ իրողութեամբ մը կարելի է փաստել. տակաւին մի քանի տարի առաջ Հայաստանի պետութիւնը կը յայտնէր, թէ վիրաւոր, հիւանդ ու բուժման կարիք ունեցող զինուորները բուժելու համար գումար կը պակսի։ Հայուհի Մինասեան՝ «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն»ի տնօրէնը հարցազրոյցի մը մէջ կ՚ըսէր, որ որոշ բժշկական օգնութիւններու համար կը դիմենք պետութեան, սակայն, որպէս պատասխան կը ստանանք «կը քննարկենք»ը։ Այս բոլորը ակամայ կը յիշեցնեն հայութեան մէջ տեղի ունեցած ամենէն ամօթալի դէպքը, երբ նախարար մը առաջարկեց իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ ու նախարար իր աշխատավարձէն 50 հազար դրամ տրամադրէ զինուորներուն եւ բոլորը միաբերան մերժեցին:
Զինուորը բուժելու գումար չկայ, սակայն, կառավարական անդամներուն նոր ինքնաշարժներ առնելու գումար կայ: Բանակայիններու ապրելակերպը բարելաւելու համար գումար չկայ, սակայն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ տուն առնելու, սեփական կեանքը հարստացնելու համար գումար կայ:
Այս բոլորին լոյսին տակ եթէ ճշմարտութիւնը կ՚ուզէք, մենք արժանի էինք այդ պարտութեան, որովհետեւ նման կառավարութիւն, նման ապրելաձեւ միայն իր հայրենիքը չսիրող մը կրնայ ի գործ դնել: Տակաւին մի քանի ամսուայ նախարար մը մեծամեծ գումարներու տուն կառուցելու կը սկսի. ժողովուրդը լաւապէս գիտէ, որ անոնց աշխատավարձը մի քանի օրէն տուն կառուցելու չափ «բարձր» չէ. որո՞ւ հաշւոյն կը շինուին այդ պալատները։ Կառավարութիւններ կու գան ժողովուրդը հարստացնելու եւ անոնց կեանքը բարելաւելու։ Եթէ ժողովուրդին փոխարէն անոնց կեանքը կը հարստանայ ու կը բարելաւուի... կը նշանակէ լուրջ խնդիր մը գոյութիւն ունի այդտեղ: Նման ազգ մը արժանի է պարտութեան:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ժողովուրդը հարստանալու փոխարէն ինչո՞ւ քաղաքական գործիչներ կը հարստանան:
Պատասխան. Ժողովուրդը չի հարստանար, որովհետեւ պետութեան կառավարումը, նիւթական աղբիւրները յանձնուած են իշխանութեան։ Քաղաքական գործիչներ յաճախ իրենց դիրքը կ՚օգտագործեն ժողովուրդին փոխարէն անձնական շահեր ձեռք բերելու: Նման պարագաներու հանրութիւնը կը մնայ դիտողի դիրքին մէջ, որովհետեւ չի կրնար ազդեցութիւն ունենալ անոնց որոշումներուն վրայ. իշխանութիւնը կը շահագործէ այս դիրքը եւ այսպիսով ժողովուրդին հաշւոյն կը բարձրանան ու կը հարստանան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան