ԱՐԹՆՈՒԹԻՒՆ
Արթնութիւնը մարդուս համար մահ ու կենաց հարց մըն է. եթէ կ՚ուզենք ապրիլ եւ ապրեցնել՝ անհրաժե՛շտ է, որ ամէն գնով պատրաստուինք արթնութեան համար եւ արթո՛ւն մնալու։
Խորո՜ւնկ եւ ծաւալուն արթնութիւն մը՝ ահա մարդուս՝ անհատական եւ հաւաքական, ամենակենսական պէտքը։ Այս իմաստով, սիրելի՜ բարեկամներ, աւելի քան որեւէ ժամանակ «հոգեւոր արթնութիւն»ը մահ ու կենաց հարց կը դառնայ ներկայիս՝ մեր ամբողջ կեանքին համար։
Արթնութիւնը անհրաժե՛շտ է, քանի որ ապրելու համար պէտք է արթո՛ւն ըլլալ։ Մարդուն բնական վիճակը հանդարտութիւն եւ հանգստութիւն է, բայց ապրելու համար մարդ պէ՛տք է արթուն եւ աշխոյժ, կենսունակ ըլլայ։
Կարելի՞ է աչք ունենալ եւ չդիտել, չտեսնել, թէ ի՛նչ արագութեամբ մարդկութիւնը հոգեւոր եւ կրօնական անտարբերութեան մէջ կը գտնուի։
Մարդկութիւնը, այսօր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ դարձած է նիւթապաշտ եւ աշխարհասէր, չըսելու համար «կռապաշտ»։ Խիղճը՝ մարդուս ներքին Աստուծոյ ձայնը, գրեթէ բոլորովին կ՚անտեսուի եւ անլսելի կը դառնայ նիւթապաշտամունքի ձայներուն մէջ։ Եւ նիւթապաշտ մարդը դարձած է աստուածամերժ եւ հաւատուրաց՝ հակառա՛կ ամէն հոգեւոր ճշմարտութեան։ Նիւթը խափանած է հոգեւորը։
Եւ ահաւասի՛կ, այս պարագային, հոգեւոր արթնութիւնը մահ ու կենաց հարց դարձած է։
Արթնութիւնը մարդկութեան անմիջական մտահոգութեան եւ մտմտուքի հարցը եւ փնտռտուքի առարկան պէտք չէ՞ ըլլայ, երբ հետզհետէ հոգեւորը կ՚անտեսուի։ Պէտք չէ՞ մտածենք արթնութեան մասին։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ իրեն պարտականութիւն համարելու է արթնցնել իր մերձաւորը, ինքն ալ միշտ արթո՛ւն մնալով։
Մարդիկ նիւթապաշտութեան եւ աշխարհասիրութեան պատճառով՝ ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւններով կը դադրին հոգեւոր գոյութենէ՝ կը մոռնան, թէ մարդ հոգի է եւ մարմին եւ մի՛տք։
Այս անուրանալի է եւ անխուսափելի՛։
Բայց ինչպէ՞ս այս վսեմ պաշտօնը պիտի կատարուի, երբ արդէն կորսնցուցած է «սուրբ բոց»ը՝ որ մարդս ներքնապէս մաքուր, առողջ եւ զօրաւոր կը պահէ եւ աշխարհի դիմաց կը կեցնէ խիզախ, աշխոյժ, արթուն եւ յառաջխաղացող։ Այդ «սուրբ բոց»ը պահուած է մեր հոգւոյն մէջ՝ միշտ պատրա՛ստ արթնցնելու ենթական իր հոգեւոր թմրութենէն։
Ո՞ւր է այդ օրհնեալ «սուրբ կրակ»ը։
Անուրանալի է, որ ընտանիքը առտնին եկեղեցի մըն է, ապա ուրեմն, ընտնիքը առաջին «սուրբ բոց»ն է՝ կրակը, ուր կը հասնի մարդը՝ կը պատրաստուի ապագայ մա՛րդը։
Իմաստունը կ՚ըսէ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողը եւ մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ». (ԱՌԱԿ. ԻԸ 13)։ Այսօր, հոս եւ հոն, ամէն կողմ կը նկատուի աղմուկ, ժխոր եւ վազվզուք, ջանք եւ կառուցումներ. բայց կարելի՞ է ըսել, թէ այս երեւոյթները, ցուցմունքները միշտ աճեցնող եւ առողջ են՝ կեանքի վաւերական ապացոյցներ են անպայման։ Եւ երբեմն նոյնիսկ անոնք հոգեւոր սնանկութեան եւ անէութեան ապացոյցներ չե՞ն, կամ իրական դժբախտութիւն եւ ողբերգութիւնը ծածկելու տխուր փորձեր եւ ջանքեր միայն։
Ի՞նչ շահ կացութիւնը փրկելու եւ պարտկելու մէջ։ Հետզհետէ սաստկացող ներքին հիւանդութիւն մը պահելը յիմարութիւն չէ՞։ Եւ չէ՞ որ ողջմտութիւնը կը պահանջէ զայն քննութեան եւ ախտաճանաչման ենթարկել՝ որպսէզի դարմանուի։ Իրատեսութիւնը դարմանումի համար անհրաժե՛շտ պայման է։
Յոռետեսութեան արդիւնք չէ՛ այս «ահազանգ»ը։ Հոգեւոր եւ բարոյական սկզբունքներու արժեզրկումը, մեր աչքերուն առջեւ ետեւ ետեւի խորտակուող ընտանեկան յարկերը եւ նորահաս սերունդին այնքա՜ն արագութեամբ գլխիվար ապականութեան մէջ մխրճուիլը լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառեն ամէն խղճամիտ անձի։
Կար ժամանակ մը՝ երբ ցնծութեան եւ փառքի մէջ էր մարդկութիւնը, նիւթապէս աղքատ, շիտակ, բայց հոգեպէս առողջ, հարուստ եւ արթո՛ւն։ Մարդոց ջանքն էր այդ օրերուն պահել ճշմարիտ աստուածպաշտութիւնը «աչքի լոյս»ի պէս։ Մարդիկ կ՚աշխատէին մաքուր խիղճ պահել եւ զԱստուած հաճեցնել ամէն գնով։ Սէրը հոգեւին կը ծաւալէր բոլորին մէջ։
Երբեմն անցեալի կարօտը ունենալ սխա՞լ կը համարուի արդեօք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգտոստոս 18, 2025, Իսթանպուլ