ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ամրան ճամբարէն ներս արձակուրդի համար հիւրընկալւած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները երէկ հիւրընկալուեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան կողմէ։ Տղոց կեցութեան եզրափակիչ փուլին կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ արձակուրդի ողջ տեւողութեան ցուցաբերեց մշտական ուշադրութիւն եւ տղաքը առարկայ դարձուց իր հայրական հետաքրքրութեան։ Արամեան սանուց միութիւնը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին միութեան վարչութիւնը յարմար դատած էր ճամբարի տղոց համար սարքել ճաշասեղան մը։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի գլխաւորութեամբ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Եզրափակիչ փուլի հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ կը համակարգէ տղոց կեցութեան ծրագիրը։ Բոլորը խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսին, որ յոյն համայնքի մանուկներուն համազօր ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն ցուցաբերեց մեր համայնքի տղոց նկատմամբ։