Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ՀԵՏ
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութեան շրջանը արդէն լրացաւ։ Երէկ առաւօտ, տղաքը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն։ Յետմիջօրէին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փութաց տղոց այցելութեան՝ բոլորին փոխանցելով իր օրհնութիւնները։ Նորին Սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ՝ ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոսի եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաքի կողմէ, որ կամաւոր համակարգեց տղոց կեցութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ այլ հիւրեր։
Բացօթեայ սիրոյ սեղանի շուրջ ելոյթ մը ունեցաւ Սեւան Սվաճըօղլու։ Բոլորը շնորհաւորեցին տիրամայր Մարի Մութաֆեանի անուան օրը։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան 49-րդ տարեդարձն էր՝ բոլորը որդիաբար եւ անկեղծ շնորհաւորութեամբ շրջապատեցին զինքը՝ մասնաւորապէս գնահատելով այս յատկանշական օրը տղոց հետ անցընելու վերաբերմունքը։ Նորին Սրբազնութիւնը աշակերտներուն հայրական յորդորներ ալ ուղղեց՝ անդրադառնալով նաեւ տաղաւարի խորհուրդին։
Տաղաւարի օրուան սիրոյ սեղանը սարքուած էր՝ մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի հովանաւորութեամբ։ Սեղանի ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Երկանեան եւ Միսաքեան բարեյիշատակ գերդաստաններու ննջեցելոց հոգւոցն ի հանգիստ։ Վերյիշուեցաւ նաեւ նորոգ հանգուցեալ մեր ազգայիններէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ ճամբարէն ներս։