ՄԱՆԿԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ԱՄՐԱՆ ՏՕՆ
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանի նախաձեռնութեամբ, այս տարի առաջին անգամ մանկանց ամառնային ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի օրհնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, Մեծ կղզիի մէջ։ Մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած տօնակատարութիւն մըն էր այս մէկը։ 4-14 տարեկան շուրջ 50 մասնակիցով իրականացուեցաւ ձեռնարկը։ Տղաքը Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, որմէ վերջ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան քոյրերու տան համալիրէն ներս համախմբուեցան։ Օրուան տեւողութեան տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան զանազան խաղերով։ Ծրագրի մասնակից տղոց ծնողներն ալ տեղւոյն վրայ ապրեցան մեծ ուրախութիւն՝ ի տես իրենց զաւակաց հրճուանքին։