ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱՏԱՐՈՂԱՑ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը աւանդաբար այն հիմնական կէտն է, ուր կը տրոփէ համայնքին սիրտը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այս եզակի կառոյցը թէեւ վերջին տարիներուն ստիպողաբար փակ կը մնայ, սակայն, անոր դերակատարութիւնն ու առաքելութիւնը երբեք ստուերի տակ չի մնար։

Որպէս միջանկեալ կարգադրութիւն՝ վերջին տարիներուն մեր համայնքի համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակները ամրան իրենց արձակուրդը կ՚անցընեն՝ Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարին մէջ։ Հայ եւ յոյն համայնքներու այս ողջունելի համագործակցութիւնը կը շարունակուի ներկայ եղանակին եւս։ Այսօր, մեր համայնքէն մանուկներ եւ պատանիներ կը սկսին հիւրընկալուիլ յունաց ճամբարէն ներս՝ մէկ շաբաթուայ ժամկէտով։

Մինչ այդ, կղզիի բարձունքին երէկ ոգեկոչուեցան Կազդուրման կայանի լուսահոգի հիմնադիրները, սատարողները, տնօրէնները եւ բոլոր սպասաւորները։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Արարողութեան ներկայ էին Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլէճի եւ գործակից ընկերները եւ կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի անդամները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան պատգամին համար ընտրած էր հետեւեալ բնաբանը. «Ես եկայ, որ դուք պտուղ տաք եւ ձեր պտուղը մնայուն ըլլայ»։ Ան բացատրեց, որ մարդ լաւ ու բարի պէտք է ըլլայ, որպէսզի հասարակութիւնն ալ բաղկանայ այդպիսի մարդոցմէ։ «Այդպիսի մարդիկ բարի գործեր կ՚ընեն, բարի պտուղներ կու տան եւ կը կազմեն տիպար, օրինակելի հաւաքականութիւններ, որոնք Աստուծոյ հաճելի կը նկատուին», դիտել տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտելով, որ կազդուրման կայանը այդպիսիներուն աշխատանքին պտուղը եղած է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը պիտի կարողանայ շուտով ի կատար ածել կազդուրման կայանի համալիրի ամրակայման ծրագիրը եւ այս հաստատութիւնը պիտի վերաբանայ իր դռները մեր նոր սերունդին առջեւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնեց կղզիի յունաց ճամբարի պատասխանատուներուն, որոնք պատրաստակամ կ՚ըլլան մեր համայնքի տղաքը հիւրընկալելու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին օրհնութեան գիր մըն ալ յանձնեց երիտասարդ Ռոնի Քոլուքըսաեանին, որ վերջերս հեծանիւով Ֆրանսայէն դէպի Իսթանպուլ ճանապարհ կտրեց՝ ի զօրակցութիւն Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ կազդուրման կայանի հոգելոյս հիմնադիրներուն, սատարողներուն, տնօրէններուն եւ բոլոր սպասաւորներուն համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հաւաքոյթին ալ նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Հիւրերու շարքին էր յունաց ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս, որուն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։ Քումվոփուլոսն ալ յայտնեց իր երախտագիտութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս փուլին խաչ մըն ալ նուիրեց մեր ազգայիններէն Արի Չոլաքին, որ կամաւորաբար կը համակարգէ յունաց վանքէն ներս մեր համայնքի փոքրիկներու հիւրընկալման կազմակերպչական աշխատանքները։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Արթին Քիլէճի եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութենէն իրաւաբան Սարօ Պենկլեան։ Այս վերջինը տեղեկացուց, որ կազդուրման կայանի համալիրի ամրակայման աշխատանքները պիտի սկսին այս տարի եւ ամենայն հաւանականութեամբ 2026-ի ամրան ան պիտի կարողանայ վերաբանալ իր դռները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ ներշնչող համարեց երէկ ստեղծուած մթնոլորտը։ Ան շեշտեց, որ զանազան հաստատութիւններէ ներս տարբեր անձեր մեր հաւաքական կեանքին իրենց ներդրումը կը բերեն՝ որպէս կամաւոր ու նուիրեալ։ Անոնք պտղատու անձեր կը դառնան՝ իրենց զոհողութիւններով ու պատրաստակամութիւններով։

Տէրունական աղօթքէն վերջ սեղանակիցները հրաժեշտ առին Նորին Ամենապատուութեան արձակման աղօթքով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 11, 2025