ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՋՆՋԷ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍԱԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ
Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապը կը խորանայ չափազանց մտահոգիչ դրսեւորումներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օրէ ի վեր դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ իրերայաջորդ գրառումներով հանդէս կու գայ։ Ան տեղեկացուցած է, որ Վաղարշապատ քաղաքի հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի հոգեւոր մեծ հաւաք մը՝ Վեհարանը ազատելու նպատակով։ Երէկ ալ վարչապետը տեղեկութիւններ տուաւ իր նախատեսած շարք մը գործողութիւններու կապակցութեամբ։ Այսպէս, ան կը նախատեսէ, որ ամուսնացեալ քահանայ մը կաթողիկոսական տեղապահ նշանակուի եւ այսպէսով եկեղեցական կեանքէն ներս իրականացուին իր կողմէ նախատեսուած միջամտութիւնները։ Նիկոլ Փաշինեանի այս ծայրայեղութեան մէջ եկեղեցական իրաւունքի, աւանդութիւններուն եւ ղեկավարման դրութեան տեսակէտէ տրամաբանութիւնը թէեւ շատ տկար է, սակայն, Հայաստանի վարչապետին այսպիսի ծրագրի մը հետամուտ ըլլալը իրադարձութիւններու շարունակութեան տեսակէտէ խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդէս եկաւ կոչով մը։ Այս տագնապի ծագած առաջին իսկ պահուն Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելով անվերապահ զօրակցութիւն յայտնած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Երէկ, նախագահ Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկաւ հետեւեալ կոչով։
*
Մեծարգոյ պարոն վարչապետ,
Քանի դեռ ուշ չէ, չեղարկեցէք Վաղարշապատի մէջ ձեր նախատեսած հանրահաւաքի որոշումը եւ անյապաղ ազատ արձակեցէք քաղաքական բանտարկեալները՝ առաջին հերթին Բագրատ եւ Միքայէլ սրբազանները եւ Սամուէլ Կարապետեանը։
Վստահ եմ, որ թէ՛ մեր ժողովուրդի եւ թէ միջազգային հանրութեան կողմէ այդ քայլը կը դիտուի ո՛չ թէ որպէս տկարութեան նշան, այլ որպէս պետական այրին վայել ողջախոհութեան դրսեւորում։ Հակառակ պարագային, պարոն վարչապետ, դուք պիտի դառնաք հաւանական բախումներու եւ արիւնահեղութեան միակ պատասխանատուն՝ արժանանալով Գապոն քահանայի անմար հռչակին։
Ի վերջոյ, սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ՚ուղղեմ որեւէ պարագայով չմասնակցիլ վարչապետին նախատեսած հանրահաւաքին՝ անոր անկանխատեսելի հետեւանքներէն խուսափելու նպատակով։ Մի՛ մոռնաք՝ իշխանութիւնները ստեղծուած են ո՛չ թէ ձեզ կեղեքելու եւ վտանգներու ենթարկուելու, այլ ձեր ընտանիքներու բարօրութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
*
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկուան այս կոչէն օր մը առաջ ալ մտահոգ հրապարակումներով հանդէս եկած էր նոյն հարցին շուրջ։ Այսպէս, ան քննադատած էր Նիկոլ Փաշինեանի՝ Էջմիածնի հրապարակին վրայ հանրահաւաք կազմակերպելու յայտարարութիւնը։ Տէր-Պետրոսեան համոզուած է, թէ վարչապետը նպատակ ունի ջախջախել այն ուժը, որ կ՚աջակցի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Առաջին նախագահը Փաշինեանի քայլը արտառոց եւ վտանգաւոր կը համարէ՝ շեշտելով, որ իշխանութեան բոլոր քայլերը ուղղուած են կայունութիւնը խախտելու եւ երկրէն ներս խառնաշփոթ ստեղծելու։ Առկայ իրավիճակէն ելքը Տէր-Պետրոսեան կը տեսնէ իրարու հասցէին հնչող հայհոյախառն արտայայտութիւններն ու սպառնալիքները դադրեցնելը։
«Իմ կարծիքով՝ հակադիր ուժերու դիմակայութեան վերացման կամ թէկուզ անոր մեղմացման մեծապէս կը նպաստէր Վաղարշապատի մէջ նախատեսուած հանրահաւաքի չեղարկումը եւ քաղաքական բանտարկեալներու՝ առաջին հերթին Բագրատ եւ Միքայէլ սրբազաններու եւ Սամուէլ Կարապետեանի ազատ արձակումը։ Այսօր սա է Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուածութեան թուլացման միակ միջոցը», շեշտեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։