ԱՇՆԱՆ՝ ԴԷՊԻ ԱՆԳԱՐԱ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ յառաջիկայ աշնան կը նախատեսէ այցելել կարգ մը նախարարութիւններ։ Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով ան յայտնեց, որ եթէ համայնքային հարցերու պարագային աշխարհական վարիչներու կողմէ պատրաստուին թղթածրարներ, ապա ինք պատրաստ է զանոնք պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնելու։ 

«Տարբե՛ր բան է, երբ խօսակցութեան ընթացքին փափաքներ արտայայտէք եւ բոլորովին տարբե՛ր բան մըն է, եթէ ձեր սպասումները շօշափելի տուեալներով հիմնաւորէք», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025