ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

Այսօր երազին ինչութիւնը մարդոց համար հարցական է. եթէ երազներ մեկնելը մոգութիւն է, ապա ինչո՞ւ համար Աստուածաշունչին մէջ թագաւորներ կ՚առաջնորդուէին երազներով. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ համար երազներուն կարեւորութիւն կու տային: 

Հարցում.- Երազը սատանայական կամ կախարդակա՞ն է.- պատասխանը պիտի ըլլայ միանշանակ ոչ, որովհետեւ երազներու կարեւորութիւնը, ինչպէս ըսինք, բոլոր կրօններուն մէջ կարելի է գտնել. Յոբի գիրքը երբ կարդանք, այդտեղ հետաքրքրական տող մը կը գտնենք. այդտեղ կ՚ըսէ, թէ Աստուած մարդոց հետ կը խօսի երբ անոնք քունի մէջ են (հմմտ. Յոբ 33:14-16): Մեր եկեղեցւոյ հայրերէն Գրիգոր Տաթեւացի ունի յատուկ քարոզ՝ տեսիլքներու եւ երազներու մասին. այդ քարոզին մէջ Տաթեւացի կը խօսի չորս տարբեր երազի տեսակներու մասին՝ այսպէս.

Ա.- Բնական

Բ.- Փոփոխական

Գ.- Դիւական

Դ.- Ուսուցողական (տեսիլք)

Անշուշտ, եթէ նկատի ունենանք, որ Տաթեւացի ապրած է արդէն մօտաւորապէս 600-700 տարի առաջ, ապա անոր բացատրութիւններն ու վերլուծութիւնը իրապէս սքանչացում կը յառաջացնեն՝ զինք դարձնելով իր ժամանակի ամենէն իմաստուն մարդոցմէ մին (եթէ ո՛չ ամենէն իմաստունը): Վերոյիշեալ չորս տեսակները մեկնելու ժամանակ իւրաքանչիւրը կը բացատրէ:

Ըստ Տաթեւացիի, բնական երազները մարդու անկարգ ցանկութիւններն են. երբ մարդ քնանայ եւ իր իմացական աշխարհը քունի մէջ մտնէ, այն ժամանակ ծնունդ կ՚առնեն մարդու յիշողութիւններն ու ցանկութիւնները եւ ստուերի մէջ մնացած միտքերը, ցանկութիւնները ի յայտ կու գան. «անկարգ» ըսելով պէտք չէ հասկնալ «չար». բնական երազները պատկերներ են, որոնք մարդ իր արթուն վիճակին կա՛մ չի մտածեր եւ կամ մտածելով հանդերձ ընկերային կանոններով առաջնորդուելով չի բարձրաձայներ: 

Երկրորդը՝ փոփոխական երազը արդիւնքն է մարդու թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին փոփոխութիւններուն եւ այդ փոփոխութեան որպէս հիմնական կէտ Տաթեւացի կ՚առնէ բնութեան չորս տարրերը՝ կրակը, ջուրը, օդն ու հողը. այսինքն եթէ մարդ որոշ հիւանդութեան մը ազդեցութեան տակ կը գտնուի՝ կրնայ ջերմիլ եւ կամ հակառակը անտեղի պաղ մը զգալ. այդ փոփոխութիւնները Տաթեւացիի համոզումով ինքնաբերաբար կ՚ազդեն մարդոց երազներուն վրայ. օրինակի համար, ջերմը՝ կրակը կրքոտ եւ անհանգիստ երազներ կը պատճառէ մարդուն. ջուրը՝ պաղ վիճակը աւելի յուզական ու զգայուն բնոյթի երազներ կը պատճառեն եւ այլն: 

Երրորդը՝ դիւայինն է. Տաթեւացի կը հաւատայ, որ այնպէս, ինչպէս Աստուածային երազ գոյութիւն ունի, նոյնպէս գոյութիւն ունի դիւականը. Տաթեւացի այս բաժնին մէջ կը խօսի, որ մարդիկ յաճախ կրնան ապագան տեսնել իրենց երազին մէջ եւ այդ մէկը Աստուածային բնոյթ չունենայ. Հայրապետին խօսքերով. «Դիւական երազը այն է, որ դեւերը սրամտութեամբ մարդոց ցոյց կու տան ապագան՝ չար կամ բարի ձեւով եւ կը խաբեն մարդոց»: 

Չորրորդը նման է երրորդին, այն տարբերութեամբ, որ դիւական երազը չար, իսկ ուսուցողականը բարի նպատակներ կը հետապնդէ: Կան երազներ, որոնք մարդը դէպի բարութիւն կ՚առաջնորդեն. երազներ, որոնք փոխանցելիք խրատ մը ունին իրենց մէջ. Տաթեւացի այդ մէկը կը կոչէ ուսուցողական, որուն հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ մարդոց դարձի եւ ապաշխարութեան հրաւիրել: 

Երազները եւ ընդհանրապէս զանոնք մեկնելը սատանայական կամ դիւային չեն. օրինակի համար, եթէ կարդանք Ս. Գրիգոր Նարեկացի «Մատեան ողբերգութեան»ը՝ պիտի տեսնենք, թէ ան բազմիցս իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ իր երազները: 

Հայ Եկեղեցւոյ հայյերէն Ոսկեբերան սակայն կը յորդորէ հեռու մնալ երազներէ։ Ան արթնութեան եւ սթափութեան մասին խօսելու ժամանակ կ՚ըսէ. «Մերկանանք ամէն տեսակի տեսիլքներէ». (ամէն տեսակին արդեօք իր մէջ կը նեռարէ նոյնիսկ բարի՞ն). շարունակելով հայրապետը կ՚ըսէ. «Զերծ մնանք կենցաղային երազներէն, մէկ կողմ դնենք խոր քունը եւ առաքինութեան հանդերձներ հագնինք», որովհետեւ հայրապետը երազի մեկնութիւնը, գուշակութիւնը եւ գրեթէ անոր կապուած բոլոր երեւոյթները կը դիտէ որպէս «խաւարի գործ»: 

Որպէս վերջին օրինակ յիշենք Սուրբ Աթանասը, որ ամբողջութեամբ ուրիշ մօտեցում ունի երազներուն հանդէպ: Սուրբը երազը կ՚ընդունի որպէս ճշմարիտ պատկերը մարդուն. «Ինչքան մաքուր է հոգին, այնքան մաքուր են երազները: Աղօթքով ապրող մարդը կրնայ զանազանել երազը Աստուծոյ կողմէ է, թէ ոչ»: 

Հետեւաբար, որպէս եզրակացութիւն երազներն ու անոնց մեկնութիւնը սատանայական չեն. սակայն ամէն երազ Աստուածային չէ. շատեր երազը կ՚ընդունին որպէս պատահական պատկերներ, շատեր որպէս ուսուցողական երեւոյթ, սակայն, վերջաւորութեան Ոսկեբերանի ըսածը ճիշդ կը դատենք։ Մարդիկ ո՛չ թէ քունի ընթացքին յայտնուած երազներով, այլ ճշմարիտ կեանքով թող առաջնորդուին: Վստահաբար բոլորը կ՚ուզեն գիտնալ ապագան, սակայն, ապագայի անգիտութիւնն է, որ կ՚իմաստաւորէ մարդուն կեանքը. ինչքան յստակ ըլլայ ապագան՝ այնքան անհետաքրքիր կը դառնայ մարդկային կեանքը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար անծանօթ դէմքեր կը տեսնեմ երազիս մէջ:

Պատասխան. Երազներու մէջ անծանօթ դէմքեր տեսնելը կրնայ ունենալ հոգեբանական եւ ենթագիտակցական տարբեր բացատրութիւններ: Մարդու ուղեղը յաճախ կը ստեղծէ երեւակայական դէմքեր՝ որոնք իրականութեան մէջ հիմնուած կ՚ըլլան իրեն հարազատ դէմքերու վրայ: Այդ դէմքերը կրնան արտայայտել ներքին զգացումներ, չլուծուած խնդիրներ, անհանգստութիւններ եւ մարդկային յարաբերութեան մասին ակնարկներ: Երբեմն անծանօթ դէմքը կրնայ խորհրդանշել մարդու ինքնութեան անծանօթ կողմերը, նոր փորձառութիւններ եւ փոփոխութիւններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025