ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԼՈՅՍԸ
Աստուծոյ լոյսովը միայն կը պայծառանայ արդարեւ կեանքը. ուստի, անսուտ եւ ճշմարիտ է աստուածաշնչական պատգամը. «Լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս»։ Առանց աչքի անկարելի՛ է տեսնել լոյսը, եւ հոգիին աչքը Աստուծոյ մտածումն է. այդ մտածումովն է, որ պիտի կարենանք ըմբռնել կեանքին իմաստը։ Աստուծոյ եւ աստուածայինին հետազօտութիւնն է, որ կ՚արժէքաւորէ կեանքը. կեանքը «կեա՛նք» է զԱստուած գտնելու՝ զԱստուած ճանաչման ընծայուած նուիրումովը միայն։
Արդ, Աստուծոյ գործերուն գերազանցը, Իր արարչութեան պսակն է, անտարակոյս, մա՛րդը։ Եւ այդ «մարդ»ը գտնելու համար պէտք է իջնել անձին խորը, անձնաւորութիւնը կազմող բարոյական օրէնքին մէջ, խղճին խորը, եւ հոն պիտի գտնուի զԱստուած. անթարթ Աչքը՝ որ կը հսկէ գիտակցութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ բարոյական լոյսին մէջ։
Խիղճը՝ բարիին եւ ճշմարիտին այս զգայարանը, որ սիրտին եւ միտքին ներդաշնակուած գործակցութեամբը կազմուած կարողութիւնն է, արդարութեան ներքին ատեանն է։ Աստուծոյ ձայնն է անիկա, որ կը խօսի մեր սիրտին մէջ։ Աստուածային բնազդ, ինչպէս կ՚ըսէ Jean Jacques Rousseau (1712-1778 թթ.) «Անշեղ առաջնորդ անգէտ եւ սահմանափակ բայց իմացական եւ ազատ էակի, անվրիպական դատաւոր, որ մարդը նման կ՚ընէ Աստուծոյ, զմեզ Աստուծոյ ծանօթութեան եւ ճանաչման տանող ամենէն անխաբ լո՛յսն է արդարեւ»։
Բաւական է, որ մարդ իր անձին մէջ եղածը, ուղղակի եւ կենդանի տպաւորութեամբ մը զգայ. ասոր համար է որ խիղճէն եւ հաւատքով քաղուած ապացոյցները Աստուծոյ գոյութեան մասին՝ ամենէն աներկեւաններն են, բայց անձէն դուրս, ենթակայական տպաւորութիւններու ոլորտէն դուրս, առարկայական տպաւորութիւններու կամ արտաքին փորձառութեան աշխարհը կայ, ուր նոյնպէս, ամէն քայլափոխի պիտի հանդիպի Աստուծոյ անուան եւ խորհուրդին։
Աստուած իր տիեզերական գործին մէջ կը ցոլանայ, ինչպէս գերազանց պատճառը իր տեւական արդիւնքին մէջ։ Արդարեւ, բնութիւնը «բաց գիրք» մըն է՝ յաւիտենական մատեանը, որուն ամէն մէկ էջին, մէն մի տողին վրայ նոյնիսկ Աստուած կ՚երեւի։
Համաստուածեան վարդապետութիւնը, այսինքն՝ այն տեսութիւնը, որ զԱստուած կը նոյնացնէ տիեզերքին հետ, իբրեւ զայն կազմակերպող եւ ոգեւորող հոգի, իր հիմքին մէջ անընդունելի թէեւ բոլորովին, բայց ձեւապէս արժէք մը ունի, երբ հասկցուի զայն խորհրդանշական ձեւի մը տակ, այսինքն իբրեւ դրութիւն մը, որ ամէն տեղ Աստուծոյ անունը մատնանիշ կ՚ընէ մարդուն. (panthéisme, ամէն ինչ բնութեան մէջ Աստուծոյ մասն է, մասը կը կազմէ, Աստուած ամէն բանի մէջ է. ամէն բան Աստուծոյ մէջ է)։
Արդարեւ, ո՞վ պիտի ուզէր ժխտել, ուրանալ կամ մերժել, Աստուած է, որ կ՚երեւի բնութեան ամէն մէկ երեւոյթին, Անոր տիեզերական իրականութիւնը բացատրող բոլոր մասերուն եւ փոփոխութիւններուն մէջ. կարգը եւ կանոնաւորութիւնը եւ ամբողջ կարգապահութիւնը, որ կը տեսնուի հոն, արդիւնքը եւ կամ արտայայտութիւնն է անտարակոյս օրէնքի մը. իսկ ուր որ օրէնք կայ, հոն կա՛յ օրէնսդիրը, այսինքն խորհող եւ խորհրդածող հոգիի մը իմաստութիւնը եւ գիտակցութիւնը, իր արդիւնաւորած գործին համեմատութեամբ շքեղ եւ լուսապայծառ, եւ այս մտածումը արդէն իսկ Աստուծոյ գաղափարին առջեւ կը տանի մեզ։
Բնութիւնը կամ տիեզերքը «հանդիսարան»ն է Աստուածային մեծագործութեան. ամէն գեղեցկութեան մէջ, որ հոն կ՚երեւի, ամէն զօրութեան մէջ, որ հոն կը պարզուի, Աստուծոյ անունը կը փառաւորուի, թիթեռնիկին թեւին վրայ Անոր անունն է գրուած, սիւքը՝ զեփիւռը, անուշ հովը որ կը շնչէ, մրրիկը որ կը գոռայ, ծովը որ կը փրփրի կամ կը ծփայ, կը ծածանի լուսնի ցոլքին տակ, արեւը եւ աստղերը, համաստեղները երկնի հաստատութեան վրայ՝ ամէնքը Անոր փառքը կը պատմեն, անչափելի՝ անհո՜ւն բովքն՝ հալոցն է Ան, որուն մէջ ծածկուած է յաւիտենական գանձը՝ աստուածային համատարած Լո՛յսը։
Ինչպէ՞ս, սակայն, պիտի կարենայինք մոռնալ առաքեալին այն միւս խորհրդածութիւնը՝ որով կը զարդարէ ան Կողոսացիներու գրուած նամակին Բ. գլուխը՝ ըսելով, թէ ո՛րքան կը փափաքի ինքը, որպէսզի ամէնքը գիտնան եւ սորվին սիրով, թէ ի՛նչ է Քրիստոսով մեզի ճանչցուած Աստուծոյ խորհուրդը, որուն մէջ ծածկուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը։
Աստուած Լո՛յս է եւ համատարած կը հովանաւորէ ամբողջ տիեզերքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 25, 2025, Իսթանպուլ