ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՄԸ ԴԺԲԱԽՏ ՆԱՄԱԿԸ
Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ հաւատաց, որ մեր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը բարձր պահելու համար անհրաժեշտ են «մարդուժ»եր. hաւատաց՝ սակայն այդ մարդուժը ստեղծելու, գնահատելու եւ իր արժանի տեղը հասկցնելու համար ո՛չ մէկ բան ըրաւ: Հայ ժողովուրդը հաւատաց ու հասկցաւ, որ համահայկական մտածողութեան կազմաւորման մէջ մարդուժը կարեւոր ուժ մըն է: Փորձեցէք 1920 թուականներէն մինչեւ մեր օրերը երկարող մամուլը աչքէ անցընել եւ գրեթէ ամէ՛ն տեղ պիտի տեսնէք, թէ նոյն բանն է, որ կը բարձրաձայնուի աւելի քան դար մը՝ ունինք մարդուժի պակաս:
Անշուշտ, միշտ ալ ըսած ենք, որ այս կոչերը աւելորդ կը նկատենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մարդուժ ունենալու համար պէտք է ունենալ մարդուժը գնահատող, անոր առաքելութիւնը մեծարող ու արժեւորող ժողովուրդ մը: Նման ժողովուրդ մը ունենալը ինչքանո՞վ դժուար է՝ չեմ գիտեր, սակայն փաստը այն է, որ աւելի քան հարիւր տարի մենք այդ մէկը չկրցանք ունենալ, չունինք եւ այս ընթացքով գուցէ երբեք չունենանք:
Այդ գնահատանքի պակասը շատ աւելի պարզ դարձնելու համար կ՚ուզենք որոշ յիշատակումներ կատարել. մեր թուականէն 74 տարիներ առաջ՝ 1951 թուականին ֆրանսահայ «Այսօր» օրաթերթը կը ստանայ նամակ մը, ուր հայերէն լեզուի ուսուցիչ մը հետեւեալը կը գրէ.
«Բարեկամներէ կը ստանամ ձեր թերթը, բայց երբեմն շատ ուշ կը հասնի ձեռքս, երբեմն ալ չի հասնիր: Կ՚ուզէի բաժանորդագրուիլ, ատոր վճարումը վեր է իմ պայմաններէս: Ուսուցչական պաշտօն մը ունիմ, վճարումը համեստ գումար մըն է: Ինչպէս միշտ հայ ուսուցչութիւնը պարտաւոր է վերցնել զոհաբերութեան լայն բաժինը՝ հայը հայ պահելու պարտականութեան սրբազան ուղիներուն վրայ»:
Տարօրինակութիւն կայ չէ՞. հայ մտաւորականէն, ուսուցիչէն պահանջել հայը հայ պահելու սրբազան անձնուրաց ծառայութիւնը, սակայն անոր դիմաց ըլլալ անտարբեր։ Աղքատ մուրացիկներ հինցած հագուստներ կը խնդրեն ուրիշներէ, իսկ հայ մտաւորական ուսուցիչը արդէն իսկ «կարդացուած» ու «հինցած» թերթի թիւերը կը խնդրէ իր շրջապատէն՝ որպէսզի կարդայ հայ մամուլը:
Անշուշտ, միայն հայ ուսուցիչը չէ՛ այդ անձնազոհը. բազմաթի՜ւ մտաւորականներ գրեթէ անվճար իրենց ամբողջ ուժն ու կորովը մաշեցուցած են այս ճամբուն վրայ. զոհողութեամբ հրատարակած են թերթեր. այդ մարդուժի ըրած զոհողութիւնը հասկնալու համար կը մէջբերենք մամուլի էջերուն մէջ հրատարակուած խմբագրութենէ կարճ մաս մը. «Խօսելով միայն մեր մտաւորականութեան կամ մտաւոր աշխատանքի լծուած ազգակիցներուն մասին.- անոնք մասնաւորապէս արժանի են ուշադրութեան: Անո՛նք են որ ի պաշտօնէ կամ անձնազոհ նուիրումով արտասահմանի այս կամ այն երկիրներուն մէջ կը ծառայեն հայ մշակոյթին, իրենց գրով կամ խօսքով, թերթերու կ՚աշխատակցին՝ առանց վարձատրութեան եւ իրենց շրջանակին մէջ կը տարածեն հայ լեզուն եւ հայ գիրը՝ անոնց նուիրումը նկատելով իրենց համար սրբազան պարտականութիւն մը»:
Այս անարդարութեան լոյսին տակ է, որ այսօր ունինք ուսուցիչի պակասի լուրջ խնդիրը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ: Զարթօնքի շրջանին ուսուցչութիւնը ունէր թշուառ կարգավիճակ մը. ան որ ուսուցիչ էր՝ այլ խօսքով մտաւորական թշուառական մըն էր, որ կամաւոր պարտաւոր էր ծառայել դպրոցին, հայ թերթին ու ազգին. մեր ազգը մեծապէս շահագործեց զանոնք. անոնցմէ շատեր իրենց առօրեայ «հանգիստ»ը ձգելով գացին գաւառներ, որպէսզի այդտեղի հայ աշակերտութիւնը ունենայ հայեցի դաստիարակութիւն: Հայ ազգը այդ պաշտօնն ու ծառայութիւնը բարձր ու սրբազան նկատելով հանդերձ, հեռու մնաց մտաւորականութենէն. վկայ պոլսահայ անցեալը, ուր զաւակը գրողի կամ մտաւորականի մը հետ ամուսնացնելը համազօր էր զայն մուրացիկի մը տալու:
Այսօրուան ցաւալի վիճակը պարզապէս հիմնուած է անցեալի ցաւալի եղելութիւններուն վրայ. այսօր սփիւռքը մտաւորականի եւ ուսուցիչի սովի դիմաց կը գտնուի. նոյն վիճակը կամաց կամաց կը սկսի գլուխ պարզել հայրենիքի մէջ. նոր սերունդին փոքրամասնութիւնն է, որ հետամուտ կ՚ըլլայ ուսուցիչ դառնալու. շա՜տ փոքր մասն է, որ կ՚ուզէ զբաղիլ մամուլով, դպրոցով եւ ընդհանրապէս հայկականութեամբ:
Լիբանանէն լաւ ընկեր մը, որ որոշած էր կեանքը նուիրել հայ լեզուին եւ գրականութեան, մի քանի տարի ուսուցչութիւն ընելէ եւ անոր պատճառած յուսախաբութիւնը ապրելէ ետք այսօր ամերիկեան ընկերութեան մը մէջ որպէս պաշտօնեայ կ՚աշխատի՝ հեռու գրականութենէն եւ ուսուցչութեան սրբազան պաշտօնէն՝ որ իր մեծագոյն սէրն էր: Վստահ եղէք այդ որոշումը նիւթական վարձատրութեան հետ կապ չունի՝ ինչքան մարդկային վերաբերմունքի, որովհետեւ մենք մեծ պահանջներ ունինք ուսուցիչէն՝ սակայն զինք գնահատելու ո՛չ մէկ ջանք կը ցուցաբերենք:
Կը հաւատանք, որ այս բոլորը տակաւին սկիզբն է. մօտիկ ապագային լուրջ ուսուցիչի, մարդուժի եւ մտաւորականութեան տագնապի մէջ պիտի գտնենք մենք մեզ եւ այդ ժամանակ նո՛ր պիտի հասկնանք, որ ազգ մը առանց մտաւորականութեան, առանց մարդուժի... դատապարտուած է կորսուելու:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգի մը համար ուսուցիչը ինչքանո՞վ կարեւոր է:
Պատասխան. Ուսուցիչը ազգի մը հիմքն է, որովհետեւ ան կը փոխանցէ ո՛չ միայն գիտելիք, այլեւ՝ արժէքներ, մշակոյթ եւ ազգային ինքնութիւն: Ուսուցիչը կը ձեւաւորէ ապագայ սերունդի մտածողութիւնը, բնաւորութիւնը եւ վերաբերմունքը հայրենիքի նկատմամբ: Ուսուցիչը կրնայ ներշնչել, առաջնորդել եւ զարգացնել պատասխանատու, կրթուած ու գիտակից քաղաքացիներ, որոնք են ապագայի լոյսը: Այդ պատճառով ուսուցիչը ոչ միայն կրթական, այլեւ բարոյական ու հոգեւոր դաստիարակութեան անկիւնաքարն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան