ԵՐԿՐԻ ՄԸ ՏԷՐՆ ՈՒ ԾԱՌԱՆ

Հայաստանի ներկայ քաղաքական վիճակը տեսնելով կ՚անդրադառնանք, որ ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ արմատացած է պետական մարմիններու հանդէպ վախ մը: Կը նկատենք, որ շատեր կ՚ապրին ա՛յն հոգեբանութեամբ, որ պետութիւնը գերիշխող ուժ մըն է՝ որուն հսկողութեան եւ ինչու չէ շատ անգամ քմահաճոյքին տակ կը գտնուին բոլոր բնագաւառները՝ մոռնալով, որ պետութիւն մը իր ուժն ու գոյութիւնը կը պարտի նոյնինքն ժողովուրդին: Ժողովուրդն է ազգի մը, պետութեան մը ուժը՝ իր բանակէն ու զօրքերէն աւելի: 

«Ժողովրդավարութիւն» եւ «ազատութիւն» լոզունգներու տակ առաջնորդուող հայրենիքի մը մէջ այսօր մարդիկ տարօրինակ ձեւով կը վախնան արտայայտուելու. փաստը տակաւին մի քանի օրեր առաջ Սամուէլ Կարապետեանի հետ եղած միջադէպը. մարդը ձերբակալեցին ու տարբեր մեղադրանքներով կալանաւորեցին, պարզապէս Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին իր աջակցութիւնը յայտնած ըլլալուն համար: Անշուշտ, այս բոլորին մէջ շատեր կը մեղադրեն պետութիւնը, իսկ մենք կը մեղադրենք ժողովուրդը՝ որ տակաւին չունի գիտակցութիւնը իր ուժին. չունի գիտակցութիւնը այն պարզ հասկացողութեան, որ երկրի տէրն ու իշխանները անոնք են եւ ո՛չ պետական մարմինները. երկրի մը վարչապետ եւ կամ նախագահ ըլլալը մուրացկան քաղաքացիէ մը բարձր ըլլալ չի՛ նշանակեր: Մե՛նք ենք, որ մեր աչքերուն եւ համոզումներուն մէջ մեծցուցած ենք այդ պաշտօնները, որովհետեւ նախագահ կամ վարչապետ դառնալով անոնք ո՛չ թէ կը դառնան երկրին տէրը, այլ սպասաւորն ու «գործաւոր»ը՝ որոնց «տէր»երը ուրիշ մէկը չէ՛ եթէ ոչ ժողովուրդը: 

Այսօր կը տեսնենք, թէ ոստիկաններ, զինուորականներ ինչպիսի ստոր վերաբերմունք կ՚ունենան քաղաքացիներու նկատմամբ, սակայն, իրենց մեծաւորներուն դիմաց «կատու» կը դառնան, մոռնալով, որ իրենց մեծաւորներուն մեծաւորը՝ այդ ժողովուրդն է եւ անոնք պարտին ժողովուրդէն շատ աւելի վախնալ՝ քան իրենց մեծաւորներէն, որովհետեւ իրենց օրապահիկը այդ ժողովուրդն է, որ կ՚ապահովէ եւ ո՛չ մեծաւորը: 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկրորդ նախագահ Թոմաս Ճեֆըրսըն ունի շատ կարեւոր ու իմաստալից խօսք մը. «Երբ ժողովուրդը կը վախնայ կառավարութենէն՝ բռնապետութիւն է: Երբ կառավարութիւնը կը վախնայ ժողովուրդէն՝ ազատութիւն»: Այսօր շա՛տ պարզ է, որ պետութիւնը չի՛ վախնար ժողովուրդէն՝ այլ խօսքով գոյութիւն չունի ազատութիւնը։ Միւս կողմէ, կը տեսնենք, որ ժողովուրդը ի՛նք կը վախնայ պետութենէն եւ այդ մէկը ինքնին բռնապետութիւն է եւ դարձեալ կը շեշտենք, որ բռնապետութեան մեղաւորը երբեք պետութիւնը չէ, որովհետեւ պետական մարմինները թիւով մի քանի հարիւր են, իսկ ժողովուրդը բազմահազար ու բազմամիլիոն: Ժողովուրդը պէտք է ունենայ այն գիտակցութիւնը, որ իր հարազատ զաւակն է, որ կը պաշտպանէ հայրենիքի հողը։ Ժողովուրդը ի՛նքն է, որ կու տայ իշխանութիւն ցանկացած պետութեան, ժողովուրդն է, որ հարկերը կը վճարէ: Պետութիւնը ժողովուրդի «ստեղծագործ»ութիւնն է եւ լուրջ խնդիր է, երբ ժողովուրդը վախնայ ի՛նքն իր ստեղծած պետութենէն: Այս համոզումը սրբագրելու լաւագոյն ձեւը նախ եւ առաջ մի քանի ճշդումներ կատարելն է: Շատ շատերու մօտ կը տեսնենք, որ կը նոյնանան «հայրենիք» եւ «պետութիւն» բառերը, որ իրականութեան մէջ այդպէս չէ. հայրենիք եւ պետութիւն նոյնը չեն. հայրենիքը Հայաստանն ու հայրենիքն է, իսկ պետութիւնը ժողովուրդի կողմէ ընտրուած եւ ժողովուրդին ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ պարտաւորուած անձեր են, որոնք հարստանալէ առաջ ժողովուրդը հարստացնելու պարտաւորուած են. իրենց կեանքը դիւրացնելէ առաջ ժողովուրդին կեանքը դիւրացնելու պարտաւորուած են: 

Այսօր շատեր կը բողոքէն, որ պետական գործիչներ «կը հարստանան»։ Սխա՛լ է. անոնք չեն հարստանար, այլ մե՛նք կը հարստացնենք զանոնք, որովհետեւ պետութիւն մը թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական աջակցութիւնը կը ստանայ ժողովուրդէն։ Ժողովուրդը ի՛նքն է, որ իր դրամներով պետութիւն մը կը հարստացնէ եւ հետեւաբար որպէս տէր ըլլալով ժողովուրդը պարտաւոր է նաեւ պահանջել, հետապնդել եւ ի հարկին դատել ու դատապարտել պետութիւնն ու պետական մարմինները, որովհետեւ անոնք պաշտօնեայ են եւ պաշտօնեայ մը չի՛ կրնար աւելի բարձր ըլլալ՝ քան բուն տէրն ու տէրերը: 

Ժողովուրդը պէտք է պետութեան յստակ սահմանում տայ. պետութիւն ըսել է կառոյց մը, որ պարտի ծառայել ժողովուրդին։ Երբ այդ ծառայութիւնը իշխանութեան կը վերածուի, այդտեղ արդէն հիմնական խնդիր մը ծնունդ կ՚առնէ, որովհետեւ ծառան չի՛ կրնար տէր դառնալ՝ երբ իր ուժն ու պաշտօնը ստացած է ինձմէ, քեզմէ եւ ժողովուրդէն: 

Այսօր կը տեսնենք, որ պետական մարմիններ հպարտութեամբ կը յայտարարեն, թէ շինած են ճամբաներ, շինած են դպրոցներ եւ այլն. իրականութեան մէջ այս բոլորը հպարտութեան ո՛չ մէկ առիթ ունին, որովհետեւ այդ մէկը իրենց պարտաւորութիւնն է. պետական մարմիններ ճամբաներ շինելով ժողովուրդին «բարիք» չեն ըներ, այլ կ՚ընեն այն՝ ինչ պարտաւոր են ընել, որովհետեւ այդ բոլոր շինութիւններուն դրամը եւս տուած է ժողովուրդը: Պետական մարիններ իրենց ըրածները հպարտութեամբ բարձրաձայնելու ո՛չ մէկ իրաւունք ունին, որովհետեւ անոնք կանչուած են այդ բոլորը ընելու եւ ընելով հպարտանալու փոխարէն չընելու պարագային հաշուետու ըլլալու մասին պէտք է մտածեն: 

Այս բոլորին գիտակցութիւնը երբ ունենանք, կը սկսինք քիչ քիչ ազգ դառնալ, պետութիւն դառնալ եւ դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդուիլ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Որո՞նք են երկրի մը ճշմարիտ տէրերը:

Պատասխան. Երկրի մը ճշմարիտ տէրը ժողովուրդն է: Չնայած, որ երկրի մը իշխանութիւնը կը վառուի պետական մարմիններու եւ պաշտօնեաներու կողմէ, սակայն, այդ իշխանութիւնը իր գոյութիւնը կը պարտի ժողովուրդի վստահութեան եւ համաձայնութեան: Ժողովուրդն է, որ իր ձայնով կը ստեղծէ իշխանութիւն, կը հարկադրէ փոփոխութիւն եւ ի վերջոյ կը կերտէ երկրի ուղեգիծը: Պետութիւնը պէտք է ծառայէ ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ իշխէ անոր վրայ: Երբ մարդիկ մոռնան իրենց այս դերը, պետութիւնը կը սկսի գործել իբրեւ ինքնուրոյն ուժ, որ չի ներկայացներ այլեւս իր իսկական տէրերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025