Ուրբաթ 20, Յունիս 2025
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՋԵՐՄ ՀՐԱԺԵՇՏ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ ստացան իրենց վկայականները։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակիցջ «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդէսը, որուն ներկայ էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան յայտագրի բազմաբնոյթ ելոյթներով։ Մինչ ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները, յաջողագոյններն ալ արժանացան յատուկ պարգեւներու։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան շնորհաւորութեան խօսքին մէջ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց ընթացաւարտներուն։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ալ տղաքը արժանացան ջերմ վերաբերմունքի։
Հինգշաբթի, Յունիս 19, 2025