ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ է, ուր պիտի մնայ երկու շաբաթ։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ հասաւ Լոս Անճելըս, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Լոս Անճելըսի Միջազգային օդակայանին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմաւորելու փութացածներու շարքին էին Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան եւ այցելութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Մարուքեան։

Օդակայանէն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ իր իջեւանած պանդոկը, ուր զինքը ողջունեցին թեմական խորհուրդի ատենապետ Տերիք Ղուկասեան եւ կարգադիր յանձնախումբէն այլ անդամներ։

Երեկոյեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու մասնակիցներն էին, ըստ էութեան, կարգադիր յանձնախումբի անդամները։ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ջերմօրէն ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը եւ ծանօթացուց սեղանակիցները։ Բոլորի մաղթանքն էր, որ Նորին Ամենապատուութեան Արեւմտեան թեմէն ներս միշաբաթեայ կեցութիւնը դառնայ օրհնաբեր։ Ընթրիքի սեղանին շուրջ ծաւալուած անմիջական զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մասին նիւթեր։ Ուղեւորութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ որպէս գաւազանակիր։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025