ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Հայրերու օր է։

Տօն է այս օրը, երեւի, բայց մայրերու օրուան պէս՝ աս ալ իմ տօնս չէ՛։ 

Քսան տարի առաջ կորսնցուցած եմ հայրս։ Գրելուս մի՛ նայիք, բարձրաձայն չեմ ըսեր այս թիւը ես։ Խորապէս կը ցնցուիմ այդ քսան երկա՜ր տարիներուն՝ կեանք մը, կեանքս ըլլալու անխուսափելի իրողութենէն։ Քսան թիւը մէջս կը թաղեմ ու կը մտածեմ. քսան տարի է հօրս աչքերովս չեմ տեսած, անունս իր ձայնով չեմ լսած ու քսան տարի է «Պապա» չեմ ըսած ես… 

Հերոսութիւն չթուի ասիկա։

Երբե՛ք. հերոսները մինակ կ՚ըլլան, իրենց առանձնութեամբ կը զօրանան, այդ զօրութեամբ ալ շուրջինները կը զարմացնեն… 

Հերոս մը չեմ, այո՛, բայց գիտեմ՝ մինակ չեմ ես։ Շատ են, ինծի պէս, ամբողջ կեանք մը առանց հայրերու ապրողները եւ, ինչ խօսք, մեզի չեն նմանիր այս օրը տօնողները… 

Նոյն վէրքը կը կրենք բոլորս։ Անկէ մեր մէջ մնացած սպիներով, ուր որ ըլլանք, առանց խօսելու զիրար դիւրաւ կը ճանչնանք մենք։ 

Թեւ-թիկունք չունինք. աթոռի մը վրայ կը նստինք բայց չենք կռթնիր մենք։

Զաւակներուն ետեւի լեռներն են հայրերը. չոր թէ կանաչ՝ բարձունք են ատոնք. յատակը չերեւցող մո՜ւթ ձորեր ենք մենք։

Գթառատ է Աստուած. ամենաթրթռուն յուզմունքով «աղջիկս» ու «տղաս» թերեւս կը կանչենք, բայց երբեք չենք կանչուիր մենք։

Ուրիշ վախեր ունինք. միա՛յն մեր մէջ ապրող մեր հայրերուն ձայները մոռնալէն կը սարսափինք մենք։

Տկար ենք. օդին մէջ բաց կը մնան ամուր ձեռքի կարօտ մեր ափերը։ 

Ոտքի կը կենանք, բարձր գլուխով կը քալենք, յառաջ կ՚երթանք, բայց չէք տեսներ դուք՝ ինկած են մեր ուսերը։ 

Մեր շուրջը կը նայինք ու ակամայ կը յիշենք տարիներ շարունակ փողոցին ծայրը չերեւցող, լեցուն տոպրակներով տուն չվերադարձող, գիշերները մեզ չծածկող մեր հայրերը։ 

Մեր կարօտն ենք մենք։

Անոնց անտէր մնացած բազկաթոռներն ենք մենք։

Մեր ըրածներէն աւելի՝ մեր հայրերուն հետ չըրածներն ենք մենք։ Չգացած մեր պտոյտները, չպարած պարերը, չհարցուցածները, չլսած խորհուրդները, վաղուան վստահելով՝ այսօր դաշոյնի պէս սիրտ ծակող մեր յետաձգածներն ենք. ուշ կը գիտակցինք՝ մեր զղջումներն ենք մենք։

Ուրիշ դար, ուրիշ ժամանակ, ուրիշ միտք… բոլոր տարբերութիւններով հանդերձ՝ մեր հայրերուն շարունակութիւնն ենք մենք. անոնց սկսածները, չաւարտածները, չհասցուցածները, անոնց ըղձացածներն ու չտեսածները իրականացնելու մեր ջանքերն ենք մենք։ 

Այսօրուան մեր յաջողութիւններուն առթած՝ մեր հայրերուն աչքերուն մէջ երբե՛ք չտեսած հպարտութիւնն ենք մենք։

Կամայ թէ ակամայ՝ մեր հայրերուն նախասիրութիւններն ու մեր անցեալը ուրուագծող անոնց սովորութիւններն ենք մենք. օր մը օրանց զարմանալով կը գիտակցինք, որ անոնց լսած երգերն ենք, սիրած ֆիլմերը, ճաշերը, մե՜ծ տուփի մը մէջ պահուած, տան մէջ աւրուած ամէն ինչ նորոգող, միտքէ չանցած գործիքներն ենք մենք։ 

Շատ բան սորված ենք անոնցմէ. սրտով նայիլ, փորձութիւններու ընթացքին բարի մնալ, աշխատողին աչքին լոյսն ու ճակտին քրտինքը գնահատել, անոր հացը, ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը չգողցող արդարութեան հաւատարիմ մնալ. այսօրուան առեւտուրի վերածուած բարոյականութեան դիմաց՝ մեր հայրերէն մեզի անցած արժէքներն ու սկզբունքներն ենք մենք։

Կեանքը իր հերթին, փախուստ չկայ՝ մեր հայրերուն մահերն ենք մենք. անոնց հիւանդութիւնները, ոչ թէ մարդու մարմին, այլ՝ շէնք մը փլող անոնց դեղերը, թափած մազերը, անոնց պառկած հիւանդանոցներուն սենեակներուն ճրճռացող դռներն ու դէպի մահ տանող լուռ ու մաքո՜ւր միջանցքներն ենք մենք…

Սարդոստայնի պէս մէջդ կը լայննայ օրին դուրս չժայթքած ճիչ մը. չլացած մեր արցունքներն ենք մենք։

Հաւասար ենք բոլորս դագաղակիր ինքնաշարժերէն հնչող ձայնագրուած զանգերուն դիմաց. մեր հայրերուն վրայ գոցուած ճե՜փ ճերմակ սաւաններն ենք մենք, դէպի գերեզման տանող ծառուղին, հոն բուսնող վայրի ծաղիկները, քարին վրայ փորագրուած անունին՝ ժամանակի ընթացքին չորցող թանաքը եւ հոն արձանագրուած երկու տարեթիւներուն մէջտեղի գծիկն ենք մենք։ 

Ովքեր ու ինչեր ենք մենք…

Մեր վէրքերով այնքան տգեղ, նոյնքան ալ գեղեցիկ ենք մենք։ 

Հայրերու օր է։ 

Իմ, մեր՝ առանց հայրերու ապրող զաւակներուն օրը չէ, այո՛, բայց նաեւ ծնողներ ենք մենք. գոհունակ՝ փառք կու տանք, տարտղնուած մեր մատները իրար զօդող ափ կ՚ըլլանք, ձեռք կ՚ըլլանք, մեր զաւակներուն համար գիրկ ու ծիածան, անոնց համար մեր չունեցածը կ՚ըլլանք… 

Կրնանք ըլլալ մենք.

Հայրերու օր է։ 

Մեր տօնը չէ, քանի որ իսկութեան մէջ մեր կորսնցուցածներն ու երբե՛ք չգտածներն ենք մենք։ 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025