«ՔԱՄՓ ԱՐՄԷՆ»Ի ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԷՆ ՀԻՒՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որու հետ էր Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան։ Այս վերջինը քաղաքս կ՚այցելէ՝ տեղւոյն վրայ հետեւելու համար՝ Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ի շինարարութեան գործընթացին։ Ուստի, ան փափաքած էր կեցութեան օրերուն քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը, որոնց նկատառման յանձնեց, թէ «Քամփ Արմէն»ը թրքահայ համայնքային հաստատութիւններու ցանցէն ներս ունէր առանձնայատուկ դիրք մը եւ եթէ շինարարական աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտին, ապա այդ կառոյցը պիտի վերականգնուի։ Ան գնահատեց այս նախաձեռնութեան սատարելու ուղղեալ պատրաստակամութիւնը։ Գումգաբուի զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դրուատեց նաեւ վերապատուելի Աղապալօղլուի յամառ աշխատանքը։