Շաբաթ 24, Մայիս 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷԶՃԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Եդուարդ Եըլտըրըմն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Վարչայինները տեղեկութիւններ տուին միութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Շաբաթ, Մայիս 24, 2025