Շաբաթ 24, Մայիս 2025
ՍԵԲԱՍՏԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեբաստահայոց հայրենակցական միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Եէօնքէսէրի։ Նորընտիր վարչութիւնը Գումգաբու այցելած էր՝ պաշտօնամուտի փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Եէօնքէսէր եւ ընկերակիցները տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց ծրագիրներուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը միութեան վարչայիններուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Շաբաթ, Մայիս 24, 2025