ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԵՒ ՎԱՐՁՔ

Աշխատանք եզրին համակարգութիւնը կ՚ենթադրէ իրերօգնութիւն եւ համագործակցութիւն։ Յաճախ կը կրկնենք մարդոց արարչութեան նպատակի ճշմարտութիւնը, թէ՝ անոնք ստեղծուած են իրերօգնութեան կոչումով։ Այս առումով, հետաքրքրական է մարդուն ձեռքը, թէ ան կը նմանի հողագործի թիին եւ այս կը նշանակէ, որ հողը գործելու, ցանելու եւ յետոյ բերքը, հունձքը հաւաքելու համար անհրաժեշտ է գործել, աշխատիլ։

Ուստի, աշխատողը կ՚արժանանայ վարձքին։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Վասնզի մշակը իր կերակուրին արժանի է». (ՄԱՏԹ. Թ 10)։ Եւ այս աշխատանքին կը յաջորդէ՝ համբերութիւնը։ Աշխատանքին պտուղը քաղելու համար պէտք է համբերել, քանի որ ան ժամանակի կը կարօտի՝ հաւատքով եւ յոյսով համբերութեան։ Արդարեւ, համբերութիւնը աստուածատուր պարգե՛ւ մըն է։ Պօղոս առաքեալ տուած է անզուգական պատկերը սիրոյ. «Սէրը երկայնամիտ է, սէրը ծառայասէր է, ան չի նախանձիր, չի պարծենար, գոռոզաբար չի հպարտանար, տգեղ գործ չ՚ըներ, չի փնտռեր իր շահը, չի բարկանար, անոխակալ է, չի հրճուիր անիրաւութեամբ, այլ կը խայտայ ճշմարտութեան մէջ։ Ան կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-7)։ Ուստի, համբերութիւնը կը բխի սէրէն, որ աշխատանքը կ՚արդիւնաւորէ։

Մարդուս աշխատանքը, արդարեւ, արժէք կը ստանայ, երբ ան նպատակ ունի հասարակաց բարիք, օգուտը եւ այն ամէն ինչ՝ որ ի նպաստ է մարդ արարածին։

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ, թէ՝ «Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ, եթէ փոխադարձ վստահութիւն չունենային…»։ Եւ այս կը նշանակէ, որ մարդիկ իրարու կարօտ են եւ պատին իրարու վստահելու, թէ մէկը միւսին պիտի օգնէ ի պահանջել հարկին, պիտի զօրացնէ իր տկարութիւնը եւ լիացնէ թերութիւնները։

Հասարակական՝ ընկերային կեանքին մէջ ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովուի համագործակցութեամբ, իրերօգնութեամբ։ Աշխատանքի մասնակցութիւնը ներդաշնակութեան համար անհրաժեշտ է, որուն միջոցով կը հայթայթուի ընկերային խաղաղութիւնը։ Մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքի բարեկարգութիւնը կարելի է ապահովել ընկերային ներդաշնակութեամբ։

Համագործակցութիւնը ենթականերուն իրաւունքը կու տայ, երբեմն նաեւ պարտականութիւնը կ՚ընձեռէ կիրարկելու քննադատութիւնը եւ արդար յանդիմանութիւնը այն բանին մէջ՝ որ անձերուն արժանապատուութեան եւ հասարակութեան բարիքին եւ օգտին վնասաբեր պիտի թուէր իրենց։ Ուստի, հարկ է ընկերութեան բարիքին համար աջակցիլ արդարութեան, ազատութեան, անկեղծութեան եւ մանաւանդ միասնականութեան ոգիով։ Գործակցութեան կամքը եւ սէրը, նաեւ ծառայութիւնը կը բխին երախտագիտութեան պարտականութենէն եւ սիրոյ պատուէրէն։ Հասարակաց բարիքին եւ օգտին իրականացումը բարոյապէս կը պահանջէ իրաւունքներու եւ արդարութեան կիրարկումը։

Գործակցութեան եւ միասնականութեան հարցին՝ մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը կը հիմնուի անոնց անձնական արժանապատուութեան եւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Մարդկային անձին յարգանքը ուրիշը թէ՝ «Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ, եթէ փոխադարձ վստահութիւն չունենային…»։ Եւ այս կը նշանակէ, որ մարդիկ իրարու կարօտ են եւ պատին իրարու վստահելու, թէ մէկը միւսին պիտի օգնէ ի պահանջել հարկին, պիտի զօրացնէ իր տկարութիւնը եւ լիացնէ թերութիւնները։

Հասարակական՝ ընկերային կեանքին մէջ ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովուի համագործակցութեամբ, իրերօգնութեամբ։ Աշխատանքի մասնակցութիւնը ներդաշնակութեան համար անհրաժեշտ է, որուն միջոցով կը հայթայթուի ընկերային խաղաղութիւնը։ Մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքի բարեկարգութիւնը կարելի է ապահովել ընկերային ներդաշնակութեամբ։

Համագործակցութիւնը ենթականերուն իրաւունքը կու տայ, երբեմն նաեւ պարտականութիւնը կ՚ընձեռէ կիրարկելու քննադատութիւնը եւ արդար յանդիմանութիւնը այն բանին մէջ՝ որ անձերուն արժանապատուութեան եւ հասարակութեան բարիքին եւ օգտին վնասաբեր պիտի թուէր իրենց։ Ուստի, հարկ է ընկերութեան բարիքին համար աջակցիլ արդարութեան, ազատութեան, անկեղծութեան եւ մանաւանդ միասնականութեան ոգիով։ Գործակցութեան կամքը եւ սէրը, նաեւ ծառայութիւնը կը բխին երախտագիտութեան պարտականութենէն եւ սիրոյ պատուէրէն։ Հասարակաց բարիքին եւ օգտին իրականացումը բարոյապէս կը պահանջէ իրաւունքներու եւ արդարութեան կիրարկումը։

Գործակցութեան եւ միասնականութեան հարցին՝ մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը կը հիմնուի անոնց անձնական արժանապատուութեան եւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Մարդկային անձին յարգանքը ուրիշը կը նկատէ իբրեւ «իր երկրորդ եսը»։ Ասիկա կ՚ենթադրէ յարգանք հիմնական իրաւունքներուն հանդէպ՝ որոնք կը բխին մարդուն ներհուն արժանապատուութենէն։

Մարդոց վայելած հաւասար արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ջանան վերածել ընկերային եւ տնտեսական չափազանց անհաւասարութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 1, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025