ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած համերգին։ Սա աւանդական ձեռնարկ մըն է եւ Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբին մասնակցութիւնը նոյնպէս։
Աւստրիոյ հիւպատոսութիւնը տեղակայուած է Ենիգիւղի շքեղ ապարանքներէն մէկուն մէջ, ուր համերգը տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեան մթնոլորտով։ Մխիթարեանի սաները «Ալեւ» վարժարաններու երգչախումբին հետ համատեղ կազմով հանդէս եկան։ Խումբը գլխաւորեց վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութ։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, Մխիթարեանի մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետ փրոֆ. տքթ. Աքսել Սէյյահի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, միջնակարգի եւ նախակրթութեան բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Էլտա Գարակէօզեան եւ Քաթիա Վարկը, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ ու ծնողներ։
Թրքահայ կեանք
- 05/02/2025
- 05/02/2025
- 05/02/2025
- 05/02/2025