ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ընդհանրապէս կ՚ընդունուի, որ երջանկութիւնը կապուած է նիւթական գոհացումներու։ Մարդ երբ կը գոհացնէ իր նիւթական պահանջքները, երջանի՛կ է։ Այս պարզ տրամաբանութեամբ՝ երկու սենեակ, երկու անկողին եւ երկու հաց ունեցող մէկը, մէկ սենեակ, մէկ անկողին եւ մէկ հաց ունեցողէն աւելի երջանիկ կը նկատուի։ Ուրեմն, «երջանկութիւն»ը յարաբերական երեւոյթ մըն է։
Ոմանք, բոլորովին անկեղծ չեն, երբ կը խօսին բարոյականութեան եւ ուղղամտութեան մասին. բայց ուրախ կ՚ըլլան երբ իրենց եկամուտը կ՚աւելնայ…
Սակայն երեւոյթին պէտք է նայիլ նաեւ հոգեբանութեան եւ կեանքի նկատմամբ շրջահայեաց ըլլալու նկատմամբ։ Ուստի, երբ երջանկութիւնը կու գայ եկամուտի համեմատութեամբ, նիւթականի ազդեցութիւնը անվիճելի է, իսկ եթէ նիւթականի հետ համեմատութիւն չունի, պէտք է քննարկել ու բծախնդրութեամբ ուսումնասիրել հարցը։ Մարդիկ երբ կը գոհացնեն իրենց նիւթական պահանջքները, կ՚ուրախանան։ Բայց մարդիկ որքան ունին նիւթական աշխարհ, ուր կ՚ապրին, ունին նաեւ հոգեկան աշխարհ մը, ուր կ՚ապրին զգացումներով։ Առաջնակարգը՝ նիւթական պահանջքները գոհացնել, սակայն երբ այդ պահանջքները գոհացնել կարելի չըլլար, զգացումներէ անկախ ըլլալով տարբեր տեսակ իմաստ մը կը ստանայ երջանկութիւնը։ Այսօր նիւթական պահանջքները չգոհացնող շատեր կը գտնուին. անոնց երջանկութեան համար պայման է եկամուտին բարձրացումը, ուստի երբ եկամուտը աւելնայ, համեմատաբար կ՚աւելնայ նաեւ երջանկութեան աստիճանը։ Եւ ուրեմն, «երջանկութիւն»ը որքան յարաբերական, նո՛յնքան ալ աստիճանաւոր հոգեվիճակ մըն է։ Մարդ կրնայ որեւէ զգացումի տակ երջանիկ կամ դըժ-բախտ ըլլալ։ Բայց այս հոգեվիճակը աստիճանաւոր է՝ երջանիկ մարդէ մը աւելի՛ երջանիկ մարդ կայ, ինչպէս նաեւ՝ դժբախտ մարդէ մը աւելի՛ դժբախտ մարդ կայ։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ կան մարդիկ, որոնք շատ պարզ եւ հասարակ բաներով երջանիկ կ՚ըլլան, ոմանք ալ շատ պարզ բաներով իրենք զիրենք դժբախտ կը զգան։ Այս ալ ցոյց կու տայ, որ երջանկութեան հոգեվիճակը թէ՛ յարաբերական է եւ թէ աստիճանաւոր։
Մարդը միայն նիւթակա՞ն գոհացումներ երջանիկ կ՚ընէ։ Ո՛չ, անշուշտ։ Կան բարոյական գոհացումներ ալ, որոնք կ՚երջանկացնեն մարդը։ Անուանի մարդ ըլլալ, երեւելի, հռչակաւոր մարդ ըլլալ՝ համբաւաւոր ըլլալն ալ մարդս կ՚երջանկացնէ։ Ասիկա արդիւնքն է այն զօրաւոր բնազդին՝ որ մարդ կ՚ուզէ գնահատուիլ, յարգանք վայելել եւ վերջապէս «անմահանա՛լ»։
Բայց, ընդհանրապէս, գնահատանք եւ յարգանք, պատիւ եւ մեծարանք կ՚ընծայուի նիւթապէս հարուստ անձնաւորութիւններու։ Բնական է այս մէկը, քանի որ մարդ աւելի շատ հաւատք կ՚ընծայէ, աւելի զօրաւոր կերպով վստահութիւն կ՚ունենայ իր տեսածին, այսինքն՝ աչքով տեսանելիին։ Այս ալ կը նշանակէ, որ մարդուս համար աւելի կարեւոր է նիւթը եւ նիւթականը։ Բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներ, ընդհանրապէս կ՚անտեսուին։ Մարդ իր աչքով տեսածին կը հաւատայ եւ անոր կը վստահի, որովհետեւ տեսանելին աւելի շատ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Նիւթը, որովհետեւ, ուժը կը ներկայացնէ, իսկ հոգին, քանի որ անտեսանելի է, որքան ալ զօրաւոր ըլլայ, ընդհանրապէս ուժը չի ներկայացներ։ Ինչո՞ւ տխրիլ եթէ երջանիկ ըլլալ կարելի՛ է։
Սա անուրանալի է, որ երջանկութեան հոգեվիճակը ունի բազմաթիւ երեսակներ, երջանկութիւնը միայն մէկ կողմէն դիտել մեզ առողջ արդիւնքի մը չ՚առաջնորդեր։
Արդարեւ, ինքնին «երջանկութիւն» գոյութիւն չ՚ունենար, երջանկութիւնը զանազան պատճառներով, բազմաթիւ ազդակներով կ՚իրականանայ։ Այս ալ, ահաւասի՛կ, ցոյց կու տայ, թէ երջանիկ ըլլալու համար պէտք է աշխատիլ, գործել, ջանք թափել, կերպով մը՝ երջանկութիւնը պատրաստել, ձեւաւորել։ Երջանիկ ըլլալու համար, ուրեմն, մարդ պէ՛տք է երջանկութեան փափաքը ունենայ եւ զայն վայելելու պատրա՛ստ ըլլայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 20, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 05/02/2025
- 05/02/2025