ԻՆՉՈ՞Ւ ՁԻՆ ԱՌԱՆՁԻՆ ՁԳԵՑԻՐ
-Զիս ո՞ւր կը տանիս, հա՛յրիկ:
-Հողմին ուղղութեամբ, որդի՛ս:
... Եւ անոնք դաշտէն կը հեռանային,
Ուր Պոնափարթին զօրքը բլուր մը կազմեր էր՝
Հին Աքքայի պարիսպներուն ստուերները հսկելու:
Հայր մը կ՚ըսէ իր որդիին.
-Մի՛ սոսկար:
Մի՛ սոսկար կապարներու սուլոցէն:
Հողին յենիր, որ փրկուիս:
Պիտի փրկուինք եւ բարձրանանք
Հիւսիս՝ լերան մը վրայ,
Ապա պիտի վերադառնանք,
Երբ զինուորները մեկնին
Իրենց հեռաւոր ծնողաց քով:
-Ո՞վ մեր տան մէջ պիտի բնակի, մեզմէ ետք, հայրի՛կ:
-Պիտի մնայ ինչպէս որ է, որդի՛ս:
... Եւ շօշափով մը զգաց բանալիները,
Ինչպէս կը զգայ մարմնին անդամները,
Վստահեցաւ եւ ըսաւ որդիին,
Երբ փշաթելերու պարիսպէն կ՚անցնէին.
-Յիշէ՛, որդի՛ս, հոս անգլիացին հայրդ խաչեց՝
Երկու գիշեր կռափուշերուն վրայ,
Եւ երբեք չխոստովանեցաւ:
Պիտի մեծնաս, որդի՛ս, եւ պատմես՝ անոնց,
Որոնք հրացաններ պիտի ժառանգեն,
Արեան կեանքը երկաթին վրայ...
-Ինչո՞ւ ձին առանձին ձգեցիր:
-Որպէսզի տունը սփոփէ, որդի՛ս,
Քանի տուները կը մահանան,
եթէ բնակիչները բացակային...
Յաւերժութիւնը հեռուէն կը բանայ իր դռները՝
Գիշերուան հոսքին:
Ամայութեան մէջ գայլերը կ՚ոռնան՝
Վախցած լուսնի մը վրայ
Եւ հայր մը կ՚ըսէ իր որդիին.
-Մեծ հօրդ պէս զօրեղ եղիր
Եւ հետս բարձրացիր, որդի՛ս,
կաղնիներու այս վերջին բլուրը:
Յիշէ՛, որ հոս ինկաւ բանակին վերջին զինուորը
Պատերազմի թիկունքէն:
Դիմացի՛ր հետս, որ վերադառնանք:
-Ե՞րբ, հայրի՛կ:
-Վաղը: Թերեւս երկու օր ետք, որդի՛ս:
Եւ թափառական վաղ մը, իրենց թիկունքէն,
կը ծամէր հովը՝
Ձմրան երկար գիշերներուն մէջ:
Զինուորները բերդեր կը կառուցէին իրենց տան քարերով,
Իսկ իրենք Կանայի ճամբուն վրայ կը հեւային.
-Հոսկէ մեր Տէրը անցաւ օրին մէկը:
Հոս ջուրը գինիի վերածեց եւ
Բազմաթիւ խօսքեր ըսաւ սիրոյ մասին, որդի՛ս,
Յիշէ՛ վաղը:
Յիշէ՛ նաեւ խաչակրաց բերդերը,
Զորս կրծոտեցին ապրիլեան խոտերը՝
Զինուորներուն մեկնումէն ետք...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան