ԼԱՒՐՈՎ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան, բարձր մակարդակի վրայ փոխադարձ այցելութիւններու եւ Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին վերաբերեալ հարցեր։

Միրզոյեան եւ Լաւրով անդրադարձան յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ եռակողմանի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Արցախի մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմանի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սադրանքներու եւ հրադադարի խախտումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան նաեւ իր պաշտօնակցին ներկայացուց հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ։ Միրզոյեան այս ամբողջին մէջ կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութիւնը։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։

Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու լայն շրջանակ, ինչպէս նաեւ անցեալ փետրուարին երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ ստորագրուած՝ դաշնակցային համագործակցութեան վերաբերեալ հռչակագրի կատարման ընթացքը։ Լաւրով եւ Պայրամով շօշափեցին նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային հարցեր։ Անոնք շօշափեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման հարցը։ Դիրքորոշումներու յստակեցում կատարուեցաւ՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակին շուրջ։

Նախարարները խօսեցան նաեւ Ուքրայնայի պարագային ծաւալուող իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022