ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ արդէն երդուելով ձեռնարկած է իր պաշտօնին։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթած է, որ նորընտիր նախագահի պաշտօնավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար ըլլայ բարեբեր եւ արդիւնաւէտ՝ առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման ճանապարհին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ մաղթած է նաեւ, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը բարերար ազդեցութիւն գործէ երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ձեւաւորման վրայ։ Ան յիշեցուցած է, որ իր երջանկայիշատակ նախորդներն ալ միշտ ունեցած են այդ վառ փափաքը։

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022