Չորեքշաբթի 30, Ապրիլ 2025
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Կաթողիկոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շուրջ երկու ժամ տեւած է զրոյցը, որու ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ սփիւռքի վերաբերեալ մտահոգութիւնները առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուած են՝ մանաւանդ հաշուի առնելով, որ ներկայ 2022 թուականը Կիլիկեան Աթոռի գահակալին կողմէ հռչակուած է «Սփիւռքի տարի»։
Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022