ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին թէեւ առաջնահերթօրէն քննարկման նիւթ դարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, սակայն, անոնց յաջորդած երկու նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Սերկէյ Լաւրով այս փուլին յայտարարեց, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Ռուս նախարարը յիշեցուց, որ ցայսօր կազմակերպուած են երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները։ Ռուսական կողմը կ՚ողջունէ այդ գործընթացը եւ պատրաստակամ է համատեղ աշխատանքի, ինչ որ թոյլ պիտի տայ խորացնել համագործակցութիւնը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջեւ։ Լաւրով յայտնեց, որ Չավուշօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի իրադրութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Լաւրով այս ամբողջին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակին։
Իր կարգին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ Մոսկուայի մէջ խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան եւս հաստատեց, որ իր ռուս պաշտօնակցին հետ կանգ առած են նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան վրայ։ «Մենք ալ Հայաստանի հետ սկսած գործընթաց մը ունինք։ Մեր յատուկ ներկայացուցիչներուն առաջին ժողովը Ռուսաստանի ընծայած դիւրութիւնով տեղի ունեցաւ այստեղ՝ Մոսկուայի մէջ, երկրորդ ժողովն ալ տեղի ունեցաւ Վիեննայի մէջ։ Ես ալ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեանի հետ արդիւնաւէտ տեսակցութիւն մը ունեցայ եւ այս երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի։ Այս առումով ի սկզբանէ կայ Ռուսաստանի ամբողջական զօրակցութիւնը՝ գիտենք, որ այս գործընթացը կը խրախուսէ։ Նոյնպէս Ատրպէյճանն ալ կ՚աջակցի։ Բոլորով միասին նախ սա հրադադարը ապահովենք, խաղաղութիւն հաստատուի։ Մեր ամբողջ տարածաշրջանը խաղաղութեան տարածաշրջանի մը վերածելու համար տեւականացնենք մեր անկեղծ ջանքերը։ Սա է Թուրքիոյ միակ նպատակը եւ այս ուղղութեամբ պիտի շարունակենք աշխատիլ», յայտարարեց Մոսկուայի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։