ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, ԳՀԽ-ի նիստերուն ատենապետեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ զեկոյց մը հրապարակեց ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին։
Ժողովի օրերուն ԳՀԽ քննարկեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքները։ Ցարդ կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանական խորհուրդի ատենապետ եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Մայր Տաճարի վերանորոգման նպատակով կազմակերպուած հանգանակութիւններու եւ անհրաժեշտ միջոցներու հաւաքագրման շուրջ զեկոյց մը ներկայացուց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, հանգանակութեան յանձնախումբը կը գլխաւորէ։ ԳՀԽ ողջունեց ցարդ կատարուած աշխատանքը, կարեւորեց Մայր Տաճարի հիմնանորոգման ուղղեալ ջանքերն ու ներդրումները՝ յոյս յայտնելով, թէ Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցը յառաջիկային վերստին կը բանայ իր դռները բարեպաշտ ժողովուրդին առջեւ։
Նստաշրջանի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ներկայացուց Պոլսոյ Աթոռի ընդհանուր կացութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքութեան հոգեւորականաց դասու, եկեղեցական կառոյցներու, ծխական համայնքներու, կրթօճախներու գործունէութեան վերաբերեալ։
Ժողովականներուն ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արցախի սրբավայրերու պահպանութեան խնդիրը։ Օրակարգի վրայ եկան այս ուղղութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներու եւ յառաջիկայ ծրագիրներու վերաբերեալ համապարփակ տեղեկութիւններ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս ստեղծուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան ընդգծեց, որ գրասենեակի գործունէութեան հիմնական նպատակն է յուշարձաններու պահպանութեան հետամուտ միջազգային կառոյցներու, պետական պատկան մարմիններու, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական կառոյցներու եւ քոյր եկեղեցիներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի յուշարձաններուն սպառնացող վտանգներուն եւ անոնց պահպանութեան ուղղեալ ծրագրերու անհրաժեշտութեան վրայ։ Գրասենեակի գործառոյթն է նաեւ տրամադրել գիտական աղբիւրներու վրայ հիմնուած տեղեկատուութիւն՝ կանխելու համար Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պատմական անցեալի եւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու պատմա-մշակութային յուշարձաններու պատկանելիութեան վերաբերեալ փաստերու խեղաթիւրումը եւ կեղծ տեղեկատուութեան տարածումը:
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակին կողմէ ներկայ ամսուայ սկիզբին կազմակերպուած Եւրոպայի տարածաշրջանային ֆորումի արդիւնքներն ալ խոշորացոյցի տակ առնուեցան ԳՀԽ-ի նստաշրջանի օրերուն։ Այս մասին տեղեկութիւններ ներկայացուց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր պատասխանատուն է։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը կարեւորեց ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի եւ թեմերու երիտասարդական կառոյցներու ջանքերը՝ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներու համախմբման եւ յառաջիկային նախատեսուած համահայկական ուխտագնացութեան կազմակերպման ուղղութեամբ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան ժողովի ընթացքին զեկուցումով մը հանդէս եկաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու եւ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արձանագրուեցաւ, որ տակաւին 2019 թուականին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու կանոնակարգման նպատակով ձեւաւորուած յանձնախումբի աշխատանքները տակաւին չեն վերականգնուած եւ այս բնագաւառէ ներս լուծման կարօտ մնացած են շարք մը խնդիրներ՝ մասնաւորապէս կրթական, մշակութային, արարողակարգային, օրէնսդրական, հարկային, մաքսային եւ կարեւորագոյն այլ ոլորտներու վերաբերեալ։
Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեանի կողմէ ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց պատրաստութեան, թեմական եւ ծխական կեանքի կազմակերպման, ընկերային, կրթադաստիարակչական, քրիստոնէական արժեհամակարգի դէմ մարտահրաւէրներու, ելմտատնտեսական վիճակի բարելաւման եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման առաքելութեան ուղենշային փաստաթուղթերու վերաբերեալ զեկոյցը: Կարեւորելով ուղենշային փաստաթուղթերու ձեւաւորումը՝ ԳՀԽ թելադրեց խմբագրական խորհուրդին եւ այդ փաստաթուղթերը կազմող յանձնախումբերուն հետ շարունակել լրամշակման աշխատանքները։
ԳՀԽ մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան եւ ուքրանահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս կապակցութեամբ ժողովականներուն զեկուցում մը ներկայացուց։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ այս օրերուն Վեհափառ Հայրապետը մշտական կապի մէջ է Ուքրայնայի եւ Եւրոպայի այլ երկիրներու Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներուն հետ։ Այդ անմիջական շփումներուն շնորհիւ Նորին Սրբութիւնը կը տեղեկանայ առկայ իրավիճակին, Ուքրայնայի հայ համայնքի եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ներս հանգրուանած հայորդիներու կարիքներուն։ ԳՀԽ-ի անդամները աղօթեցին տարածաշրջանէ ներս հակամարտութեան շուտափոյթ աւարտին ու խաղաղութեան հաստատման համար:
ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ժամանակ քննարկուեցան նաեւ Եկեղեցւոյ կանոնական ու հովուական կեանքին, կարգապահական ու իրաւական հարցերուն, կրթական եւ ընկերային ծրագրերուն, նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր:
Նստաշրջանի վերջաւորութեան ներկայացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2021 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը: Այս շրջանակին մէջ արձանագրուեցաւ, որ անցեալ տարի իրականացուած են մշակութային, հոգեւոր-քարոզչական, կրթական, ընկերային ծրագրեր՝ Հայաստանի բանակէն, քրէակատարողական հիմնարկներէն, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններէն եւ զանազան համայնքներէն ներս։ Քառօրեայ ժողովները ամփոփուեցան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։
Միւս կողմէ, ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ իսկ հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեկնելէ առաջ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Բաց աստի, Մայրավանքի համալիրէն ներս, մատուռ-մկրտարանին մէջ ճանապարհի աղօթք տեղի ունեցաւ Նորին Ամենապատուութեան համար։
Եկեղեցական
- 04/29/2025