ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Զգոյշ կեցէք, որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 10)։

Հրեշտակներուն գոյութիւնը հաւատքի ճշմարտութիւն է։ Գոյութիւնը՝ ո՛չ մարմնաւոր, այլ հոգեւոր էակներու, զորս Աստուածաշունչը սովորաբար «հրեշտակ» կ՚անուանէ, հաւատքի ճշմարտութի՛ւն է։ Այս մասին Աստուածաշունչին վկայութիւնը եւ հաստատումը նոյնքան յստակ է, ո՛րքան միաձայնութիւնը Աւանդութեան։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս անոնց մասին կ՚ըսէ. «Հրեշտակ բառը կ՚արտայայտէ պաշտօնը եւ ո՛չ թէ բնութիւնը։ Կը հարցնես, թէ ինչպէ՞ս կը կոչուի այս բնութիւնը.- Հոգի՛։ Կը հարցնես պաշտօ՞նը.- Հրեշտա՛կ։ Ըստ իր էութեան, ան հոգի՛ մըն է, ըստ իր պաշտօնին, հրեշտակ մը»։

Իրենց ամբողջ էութեամբ, հրեշտակները Աստուծոյ «սպասաւորներ»ն եւ «պատգամաւորներ»ն են։ Քանի որ անոնք «միշտ կը տեսնեն Երկնաւոր Հօր դէմքը». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 10), անոնք «պաշտօնեաներն են Անոր Խօսքին, ուշադիր են Անոր Խօսքին հնչումին». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 20)։ Անոնք զուտ «հոգեւոր» արարածներ ըլլալով՝ իմացականութիւն եւ կամք ունին. անոնք «արարածներ» են անձնաւոր եւ անմահ։ Կատարելութեամբ անոնք կը գերազանցեն տեսանելի բոլոր արարածները։ Արդարեւ, անոնց փառքին փայլը ասոր ապացո՛յցն է. (ԴԱՆ. Ժ 9-12)։

Քրիստոս կեդրո՛նն է հրեշտակային աշխարհին։ Անոնք Իր հրեշտակներն են. «Մարդու Որդին երբ գայ Իր փառքով Իր բոլոր հրեշտակներուն հետ…». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31)։ Անոնք Իրե՛նն են, որովհետեւ ստեղծուած են «Իրմով» եւ «Իրեն» համար։ «Որովհետեւ Անով ստեղծուեցան բոլոր արարածները, երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ, տեսանելիները եւ անտեսանելիները. Աթոռները, Իշխանութիւնները, Տէրութիւնները, Զօրութիւնները, ամէն ինչ ստեղծուեցաւ Անով եւ Անոր համար». (ԿՈՂՍ. Ա 16)։

Անոնք առաւել եւս Իրենն են, քանի որ Ինք զանոնք փրկութեան Իր ծրագրին պատգամաւորներ ըրաւ. «Միթէ անոնք ամէնքն ալ պաշտօն ստացան հոգիներ չե՞ն, ղրկուած ծառայելու անոնց՝ որ փրկութիւնը պիտի ժառանգեն». (ԵԲՐ. Ա 14)։ Արդարեւ, հրեշտակները կան արարչագործութեան սկիզբէն սկսեալ. ՅՈԲ, ԼԸ 7, ուր հրեշտակները կ՚անուանուին «Աստուծոյ որդիներ»։ Անոնք կան նաեւ փրկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին, քանի որ արարչագործութինը տեւական ընթացք մըն է՝ սկիզբէն մինչեւ վախճան…

Հրեշտակները մօտէն կամ հեռուէն կ՚աւետեն փրկութիւնը եւ կը ծառայեն աստուածային ծրագրի իրականացումին։ Մէջբերելու համար միայն մի քանի օրինակներ, անոնք կը պաշտպանեն Ղովտը (ԾՆՆԴ. ԺԹ), կը փակեն երկրային դրախտը (ԾՆՆԴ. Գ 24), կը փրկեն Ագարը եւ անոր զաւակը (ԾՆՆԴ. ԻԱ 17), կը կեցնեն Աբրահամի ձեռքը (ԾՆՆԴ. ԻԲ 11), Օրէնքը անոնց պաշտօնատարութեամբ հաղորդուած է (ԳՈՐԾ. Է 53), անոնք կ՚առաջնորդեն Աստուծոյ ժողովուրդին (ԵԼՔ. ԻԳ 20-23), անոնք կ՚աւետեն ծնունդը (ԴԱՏ. ԺԳ) եւ կոչում (ԴԱՏ. Զ 11-24) եւ (ԵՍ. Զ 6), կ՚օգնեն մարգարէներուն (Ա ԹԱԳ. ԺԹ 5)։ Վերջապէս Գաբրիէլ հրեշտակն է, որ կ՚աւետէ Յովհաննու Կարապետին եւ Յիսուսի Ծնունդը (ՂՈՒԿ. Ա 11-26)։

Յիսուս ծանրակշիռ բառերով կը ծանուցանէ, թէ «պիտի առաքէ Իր հրեշտակները՝ որոնք պիտի հաւաքեն բոլոր անօրէնութիւն գործողները… եւ պիտի նետեն զանոնք հրավառ հնոցին մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 41-42) եւ թէ Ինք պիտի արձակէ անոնց դէմ դատավճիռը ըսելով. «Հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալներ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 41)։

Յիսուս ծնաւ ախոռի խոնարհութեան մէջ, աղքատ ընտանիքի մը ծոցը։ Այս իրադարձութեան առաջին վկաները եղան պարզ հովիւներ, որոնք հրեշտակներու հետ գովաբանեցին Յիսուս Մանուկը։ Ահա ասոր համար, Անոր Թագաւորութիւնը ընդունող եւ Անոր Թագաւորութեան հպատակները, այն օր, մանուկները եւ Աստուծոյ աղախինները, որոնք զԻնք կ՚ողջունեն ինչպէս հրեշտակները աւետած էին զԻնք հովիւներուն։ Հրեշտակներ միշտ կեանքի մէջ…

Մարդու կեանքը, իր գոյութեան սկիզբէն մինչեւ մահուան ժամը, շրջապատուած է անոնց պաշտպանութեամբ եւ բարեխօսութեամբ։ Արդարեւ, Սուրբ Բարսեղ Մեծ (329-379), Կեսարիա քաղաքի արքեպիսկոպոսը կ՚ըսէ. «Իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր կողքին հրեշտակ մը ունի իբրեւ պաշտպան եւ հովիւ, առաջնորդելու համար անոր դէպի կեանքը»։ Այս աշխարհէն սկսած՝ քրիստոնեայ կեանքը հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ կը մասնակցի հրեշտակներուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հետ միացած մարդոց երանաւէտ հասարակութեան։ Արդարեւ, Աստուած Ինքն է, որ ստեղծեց տեսանելի աշխարհը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։

Չկա՛յ բան մը՝ որ իր գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ։ Աշխարհ սկսաւ Աստուծոյ Խօսքով. ոչինչէն գոյացան գոյութիւն ունեցող բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կ՚արմատանան այս սկզբնական դէպքին մէջ։

Հրեշտակները եւ մարդիկ իմացական եւ ազատ արարածներ ըլլալով, ընթանալու են դէպի իրենց վերջնագոյն վախճանը, քանի օժտուած են ազատ կամքի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։ Կարող են իբր այդ՝ նաեւ ճամբէն շեղիլ։ Եւ իրապէ՛ս անոնք մեղանչեցին։

Եւ իրապէս ալ՝ անոնք մեղանչեցին, եւ այսպէս է, որ «բարոյական չարիքը», որ ֆիզիքական չարիքէն անբաղդատելիօրէն աւելի ծանր է, մտաւ աշխարհ։

Աստուած ո՛չ մէկ կերպով, ո՛չ ուղղակի եւ ոչ ալ անուղղակի, պատճառն է բարոյական չարիքին, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Սակայն Ան, Իր արարածին ազատութիւնը յարգելով՝ թոյլ կու տայ զայն, բայց միանգամայն գիտէ խորհրդաւոր կերպով անկէ բարիք քաղել… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2026