ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Ազգային ժողովը գործնական ուսումնասիրութեան մը կը ձեռնարկէ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ պարզաբանելու նպատակով։ 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ հանգամանքները ուսումնասիրելու համար ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովին առաջին նիստը երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդարանէն ներս։ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը։ Այս ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին նաեւ ռազմական յանցագործութիւնները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անդրանիկ Քոչարեան տեղեկացուց, որ քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն պիտի մասնակցին լաւագոյն մասնագէտներն ու նահատակներու հարազատներ։ Իր խօսքով՝ նոյնիսկ ամենախորհրդապահական բնոյթով փաստաթուղթերը հասանելի պիտի ըլլան այս յանձնաժողովին։ Ըստ Անդրանիկ Քոչարեանի, քննիչ յանձնաժողովը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ պիտի հրաւիրէ՝ պատերազմական հանգամանքներու ուսումնասիրութեան համար։
Խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններէն Գեղամ Մանուկեանն ալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարեց, որ այս յանձնաժողովը պարտութեան մեղքը պիտի բարդէ բանակին վրայ։