«ՈԳԵԶԷՆ» ՆՈՐ ՀԱՐԹԱԿ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Ոգեզէն» նորաստեղծ հարթակի շնորհանդէսը։ Ըստ երէկ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, այս հարթակը ստեղծուած է թեքնոլոժիի եւ ռազմավարական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ։ Նախագծի հիմքին կը գտնուի Հայաստանի համապարփակ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգի ձեւաւորման ու կայացման գաղափարը, ըստ որու, պետութեան պաշտպանութիւնը միայն պետական կառոյցներու խնդիրը չէ, այլ ամբողջ ժողովուրդի։
Շնորհանդէսի ընթացքին ցուցադրուեցաւ համապարփակ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգի վերաբերեալ ֆիլմաշարի առաջին մասը։ Հայկ Օրտեան, որ գործի հեղինակն է, այս առթիւ բացատրութիւններ տուաւ այս առաջին ֆիլմին ծնունդ տուած գաղափարներուն շուրջ։ Սոյն գործով գնահատական մը կը տրուի 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին։