ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՆԻՍՏԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարով ստեղծուած աշխատանքային խումբի հերթական ժողովն էր այս մէկը։ Մոսկուայի երէկուան նիստը յաջորդեց նախօրէին Սոչիի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովին։ Սոչիի քննարկումներու աւարտին Փութին արդէն տեղեկացուցած էր փոխ-վարչապետներու կողմէ գլխաւորուած աշխատանքային խումբի երէկուան ժողովին մասին։ Ռուս ղեկավարը նշած էր, որ փոխ-վարչապետներու հանդիպումէն վերջ պիտի հրապարակուին զանազան որոշումներ, որոնք Սոչիի քննարկումներուն ժամանակ ընդունուած են։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ գործող եռակողմանի աշխատանքային խումբի երէկուան հերթական նիստը պիտի շարունակուի մօտակայ օրերուն։ Պաշտօնական աղբիւրը հաղորդած է նաեւ, որ միայն նիստի աւարտելէն վերջ կարելի պիտի ըլլայ տեղեկութիւններ հաղորդել արդիւնքներուն շուրջ։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան վիճելի հարցերուն լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ իր երկրի դերակատարութեան։ Ըստ իրեն, Մոսկուա կը շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին պահել տարածաշրջանային զանազան հակամարտութիւններու՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման ուղղեալ ջանքերը։ Իր խօսքով, ռուսական կողմը յստակ ներդրում կ՚ունենայ նման տագնապներու կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Խօսքը կը վերաբերի ահաբեկիչներուն յաղթելու եւ Սուրիայէ ներս քաղաքական երկխօսութեան խթանման ուղղեալ մեր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու, Հայաստան-Ատրպէյճան վիճելի հարցերուն կայուն լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ մեր առանցքային դերակատարութեան», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։
Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ յայտնած էր, որ Իլհամ Ալիեւ իրեն պատմած է դրական արդիւնքներու մասին։ Այսպէս, Ալիեւ յայտնած է, որ Սոչիի հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ ու լուծած՝ Արաքս գետի երկայնքով երկաթուղիի եւ մայրուղիի կառուցման հարցը։