ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵՒՈՐԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց կղզեաց հոգեւոր Հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Համավարակի սահմանափակումներէն յետոյ առաջին կիրակին էր, որ ժողովուրդը եւս մեծ ոգեւորութեամբ փութաց եկեղեցի։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, Արթուն Սրկ Թեքիրօղլու, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, դպիրներ եւ հաւատացեալներ։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ուրախացուցիչ տեսարան էր, նաեւ համավարակի կանոններուն ուշադիր հաւատացեալներուն ներկայութիւնը։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց «Հաւատամք ի մի Աստուած, ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ եկեղեցի» բնաբանով։ Հայր սուրբը յատուկ ձեւով յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ առաքելական ստորոգելին կու գայ Քրիստոսի առաքեալներէն եւ առաքեալները այն աշակերտներն են, որոնք Քրիստոսէ կանչուած եւ ապա իր կողմէ աշխարհ ուղարկուած էին Աւետարանը քարոզելու։ Առաքեալ բառի նշանակութեան անդրադառնալէ յետոյ՝ յայտնեց, թէ հաւաքական առաքելութիւնները յաջողութեամբ պսակելու համար նախ անհատական առաքելութիւնները պէտք է յաջողին։ Հաւատացեալներ պէտք է իւրացնեն իրենց առաքելութիւնը եւ այդ առաքելութիւնը աճեցնելու համար իտէալներ ունենան, ապա իրենց անհատական կարողութիւնները ի սպաս դնեն հասարակութեան։ Իբր այդ, ժողովուրդը հրաւիրեց նորոգուելու իրենց արժէքներուն մէջ ու դառնալու հաւատոյ արժէքներու առաքեալներ։
Արարողութեան ընթացքին բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան, իսկ հայր սուրբի վերջին օրհնութեամբ Ս. Պատարագը իր աւարտին հասաւ։