ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտները գարնանային գունագեղ խանդավառութեամբ տօնեցին Սուրբ Զատիկը։ Դպրոցէն ներս այս առթիւ կազմակերպուեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որու ընթացքին տղաքը հանդիսականներուն ներկայացուցին նաեւ տօնին խորհուրդը։ Յայտագրին մաս կազմեցին հայկական երգեր եւ բանաստեղծութիւններ, որոնք մեծ ջերմութիւն ստեղծեցին դպրոցի յարկին տակ։
Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին վարժարանի կամաւոր հոգաբարձուներ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուները, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչական անձնակազմի կողակիցները՝ Մերի Աւագեան եւ Լիանա Մարտիրոսեան։
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները եւ գնահատեցին հանդէսի ընթացքին աշակերտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Տղաքը Սուրբ Զատկի առթիւ ստացան նուէրներ։
Հանդէսի աւարտին սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ալ շարունակուեցաւ տօնական ուրախութիւնը։