ՈՐՔԱՆ ՇԱՏ ԱՂՋԻԿՆԵՐ ԿՐԹԵՆՔ, ԱՅՆՔԱՆ ԲԱՐՁՐ ԱԶԳ Կ՚ԸԼԼԱՆՔ

Եթէ քիչ թէ շատ գրականութեան ու հայ մամուլին մօտ էք, վստահաբար լսած էք Սիրան Սեզա անունը, սակայն վստահ ենք, որ մեր հայ ժողովուրդի զաւակներէն շա՜տ շատեր լսած չէ անունը այս կնոջ՝ որ եղաւ հայ կնոջ արժէքը մեծարող նախաշաւիղներէն մին եւ հակառակ ժամանակի պահանջներուն եւ մտածելակերպին՝ երկար տարիներ հրատարակեց «Երիտասարդ Հայուհի» հանդէսը: 

Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք հայ գրականութեան անցեալը, այդտեղ պիտի տեսնենք արական սեռի ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւն մը՝ հազիւ մի քանի կին գրողներով. Ինչպէս՝ Սիպիլ, Զապէս Եսայեան, Սրբուհի Տիւսաբ եւ այլ փոքրաթիւ գրողներ, սակայն, Սիրան Սեզա հաւատացողն էր, որ մանաւանդ յետցեղասպանութեան նոր սերունդը կրթելու եւ առողջ ապագայ սերունդ մը ունենալու համար անհրաժեշտ է կնոջ ներկայութիւնն ու ուժը: Անշուշտ, ան այս մէկը ընելով արական սեռի ներկայացուցիչներու դէմ պայքար մը եւ կամ ֆեմինիզմի շարժում մը չէ՛, որ կը ստեղծէր։ Ան պարզապէս կ՚ուզէր հայ կնոջ կարողութիւններն ու ուժերը ի գործ դնել՝ մա՛նաւանդ սփիւռքի տարածքին, հաւատալով, որ հայ կինը ունի շա՛տ տալիք մեր ժողովուրդին: 

Սիրան Սեզայի նպատակները աւելի հասկնալու համար բաւարար է կարդալ անոր հրատարակած «Երիտասարդ Հայուհի» հանդէսի առաջին թիւին խմբագրականը (1932, հոկտեմբեր, Ա. տարի, թիւ 1): Խմբագրականին առաջին տողը հետեւեալն է. «Քմայք մը չէ այս թերթին հրատարակումը, այլ պահանջ մը». Սեզայի տողերը կարճ են ու յստակ եւ անոնց մէջ կարելի է գտնել պայքարի ոգի՝ համոզում, որ պիտի պոռթկայ, որովհետեւ դարեր շարունակ լուսանցքէ դուրս եղող հայ կինը այժմ դուրս պիտի գար իր պատեանէն եւ ի գործ դնէր բոլոր այն շնորհները՝ որոնք մի՛շտ ալ եղած են՝ սակայն մատնուած լռութեան: Սեզա իր հրատարակութիւնը կը բնորոշէ հետեւեալ տողերով. «յառաջխաղացում մինչեւ հիմա մութին մէջ մնացած ուժի մը, որ իր դերը եւ իր կամքը ունի»: 

Սիրան Սեզա ո՛չ միայն մամուլի գործիչ, արձակագիր, հրապարակախօս ու խմբագիր էր, այլեւ ներշնչման աղբիւր՝ բազմաթիւ կիներու, բազմաթիւ երիտասարդներու, որպէսզի անոնք բարձրաձայնեն իրենց կարծիքները, իրենց անմիջական աջակցութիւնն ու գործունէութիւնը ծաւալեն ի նպաստ հայ ժողովուրդին։ Սփիւռքի մէջ յայտնուած շատ մը կին գրողներ իրենց գրելու յաջողութիւնն ու ուժը կը պարտէին Սիրան Սեզային, որովհետեւ իգականութեան մէջ կար առնական ուժ մը՝ որ կը յաջողէր շատերը ոգեշնչել։ Անոր մահուան առթիւ «Երիտասարդ Հայ» հանդէսը իր 1973 թուականի խմբագրականին մէջ կը գրէր. «Կորսնցնելով Սեզան, մենք կորսնցուցինք այն, առանց որուն մեր ձայնը, ինչպէս ձայները դժբախտաբար անհամար այլ երիտասարդներու պիտի մնային անվերջ խեղդուած, անվերջ թաղուած անանուն զանգուածներու լուռ բողոքին մէջ: Սեզան մեր բողոքին տուաւ ձայն, մեր ձայնին տուաւ տուն, տուաւ անուն: Ինքն էր, որ մեզի ընծայեց կարելիութիւնը հրապարակագրութենէն ներս առնելու մեր առաջին քայլերը»: 

Անշուշտ, իր հսկայական աշխատութեամբ Սիրան Սեզա հասած էր նաեւ Լիբանանի սահմաններէն դուրս ապրող գրողներու. զինք սիրող ու գնահատողներէն մէկը եղած էր Վազգէն Շուշանեանը, որ նամակի մը մէջ զինք կոչած էր «լաւ աղջիկ». անշուշտ, Շուշանեան կրցած էր Սեզայի մէջ տեսնել հայութեան համար սիրտ ու հոգի տուող աղջնակ մը. Շուշանեան իր նամակին մէջ Սեզայի կ՚ըսէր. «Ուրախ եմ, որ հայերէնը սկսած ես արեանդ տենդովը գրել եւ ո՛չ թէ ճերմակ ջրով, ինչպէս ոմանք կը գրեն»: Շուշանեան կը քաջալերէր Սիրան Սեզան գրելու, պոռթկալու, սակայն միւս կողմէ, լաւապէս կը գիտակցէր, որ այդ բոլոր աղաղակն ու ճիչը անիմաստ է, որովհետեւ Շուշանեանի բառերով «այս ժողովուրդը չի լսեր մեզ...»: 

Ցաւ ի սիրտ, մերօրեայ երիտասարդութիւնը չի՛ ճանչնար Սիրան Սեզան, սակայն գրականութեան ու մա՛նաւանդ հայ կնոջ դերը մեծարելու մէջ անոր կատարած աշխատանքը պիտի մնայ անփոխարինելի. անոր մասին պիտի խօսին Սեզայի գործը լաւապէս սերտած ու ճանչցած անձերը՝ նոյնիսկ եթէ ժողովուրդը մոռացութեան տայ իր այդ մեծութիւնը. 2014 թուականին «Գիրք Ծննդոց» հանդէսը իր թիւերէն մէկը նուիրելով այս մեծ գործիչին՝ կը գրէ. «Սիրան Սեզա հայ լուսամիտ կանանց ոսկէ շղթային ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկը եղաւ՝ շարունակելով Սրբուհի Տիւսաբի, Սիպիլի, Զապէլ Եսայեանի, Արշակուհի Թէոդիկի այն ազնիւ առաքելութիւնը, զոր իր մայրը շատ պարզ խօսքերով պարմանուհի Սիրանին ըսած էր. «Որքան շատ աղջիկներ կրթենք, այնքան բարձր ազգ կ՚ըլլանք»: Ամբողջովին համաձայն ենք, որ մեր ազգը այսօր ունի Սիրան Սեզայի նման պայքարող եւ իգական սեռի ճշմարիտ ուժին գիտակցութիւնը ունեցող երիտասարդ հայուհիներու, որոնցմէ պիտի ծնի ապագայ ա՛յն սերունդը՝ որ մօր դաստիարակութեան ճամբով ժամանակի սպասումները խորտակելով պիտի դառնայ պայքարի, վրէժի եւ յաղթանակի սերունդ: 

Բախտաւոր է այն ազգը, որ ունեցած է Սիրան Սեզա. շատ աւելի բախտաւոր է ան՝ որ ո՛չ թէ ունեցած է, այլ կը շարունակէ լոյս աշխարհ բերել Սիրան Սեզաներ, որոնք լաւապէս գիտեն իմաստը հայ ըլլալու, ունին ուժը դիմադրելու հայ մնալով բոլոր մարտահրաւէրներուն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է կնոջ դերը ազգի մը զարգացման մէջ:

Պատասխան. Ազգի մը զարգացման մէջ կնոջ դերը հիմնարար է, որովհետեւ ան ո՛չ միայն ընտանիքի սիւնն է ու սերունդներու դաստիարակը, այլ նաեւ հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ ստեղծագործ ուժ է: Կինը իր կրթութեամբ ու գիտակցութեամբ կը փոխանցէ արժէքներ, կը խթանէ նոր մտածողութիւն եւ իր մասնակցութեամբ կ՚ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը: Առանց կնոջ ներկայութեան ազգ մը չի կրնար հասնիլ լիարժէք յառաջդիմութեան ու համաչափ զարգացման:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2025