ՊԵՏՐՈՍ Ա. ԳԵՏԱԴԱՐՁ (Բ.)

Կայսեր ընծաներով վարձատրուած՝ Պետրոս կաթողիկոս վերադարձաւ Հայաստան, բայց 1024 թուականներուն ան հեռացաւ Սեբաստիոյ Սենեքերիմ թագաւորի մօտ եւ այնտեղ մնաց մինչեւ 1029 թուականը, երբ առ ժամանակ Կարսի Աբաս թագաւորի մահուան առթիւ վերադարձաւ Անի։

Բայց տեսնելով, որ Յովհաննէս-Սմբատ թագաւորը, իշխանները եւ քահանաները խէթ աչքով կը նային իր վրայ, թողուց Անին եւ ծածկաբար գնաց Վասպուրական՝ յոյն կառավարիչներու մօտ եւ այստեղ Ձորի վանքին մէջ մնաց չորս տարի (1034թ.)։ Թագաւորին եւ իշխաններուն թշնամանալը Պետրոս կաթողիկոսի հետ եւ անոր խուսափումը պարզապէս կարծել կու տայ, թէ Պետրոս կաթողիկոս Վասիլ կայսեր հետ տեսնուելէն՝ իր իրաւունքէն աւելի բարձր գործ կը կատարէր։

Սմբատ թագաւորը եւ հայ իշխանները շարունակ նամակներ գրեցին Պետրոս կաթողիկոսին խնդրելով, որ Անի վերադառնայ, անոնք դիմեցին նոյնիսկ յոյն իշխաններուն, որպէսզի Պետրոս կաթողիկոսը համոզեն իրենց խնդրանքը կատարելու, եւ կաթողիկոսը վստահած 1034 թուականին Անի դարձաւ։ Բայց դեռ քաղաք մտած չէր, երբ թագաւորի հրամանով կալանաւորուեցաւ եւ Բջնի ամրոցը տարուեցաւ, ուր մնաց իբր բանտարկեալ տարի մը եւ հինգ ամիս։

Պետրոս կաթողիկոսը գահընկէց ընելէն յետոյ, այսպէս Յովհաննէս-Սմբատի հաճութեամբ կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ Սանահինի վանահայր՝ մեծ հռետոր եւ գիտնական Դէոսկորոս եպիսկոպոսը. (1034-1036թթ.), որը սակայն իբրեւ վանական խիստ մարդ չկարողացաւ եպիսկոպոսներէն շատերու սիրտը գրաւել, որոնք արծաթասէր Պետրոսի ժամանակ առաւել ազատ կը զգային իրենք զիրենք։ Եւ դժբախտաբար Դէոսկորոսը կարծեց, թէ խստութեամբ կարելի է դժգոհները լռեցնել, ուստի եւ հալածանք հանեց անոնց դէմ, սակայն եկեղեցականները շատ հակառակութիւն ցոյց տուին եւ նզովեցին թագաւորը եւ իշխանները եւ ժողովուրդն ալ գրգռեցին։

Յովհաննէս-Սմբատ տեսնելով ժողովուրդին խռովութիւնը, նամակ գրեց Պետրոս կաթողիկոսին, որպէսզի կրկին իր աթոռը դառնայ։ Բայց երբ ան յանձն չառաւ, այն ժամանակ դիմեցին Աղուաններու ծերունի Յովսէփ կաթողիկոսի միջնորդութեան՝ որը Անի եկաւ 1036 թուականին գումարեց ժողով մը, որուն ներկայ էր չորսհազար հոգի։

Ժողովը ապօրինի ճանչցաւ Դէոսկորոսի կաթողիկոսանալը, որովհետեւ այդ եղած է թագաւորի եւ մի քանի իշխանի կամքով, ուստի եւ ղրկեց զայն իր գահէն, ապօրէն ճանչցաւ նաեւ Դէոսկորոսի ձեռնադրութիւնները եւ զանոնք բանադրեց եւ օրինաւոր կաթողիկոս հռչակեց կրկին Պետրոս Գետադարձը՝ հանելով զայն բանտէն։

Գահընկէց ըլլալէն յետոյ Դէոսկորոս կրկին դարձաւ իր սիրելի Սանահին վանքը՝ ուր ան բազմաթիւ հասուն աշակերտներ ունէր, եւ այնտեղ ալ վախճանեցաւ։

Այս դէպքերէն երեք տարի վերջ (1039թ.) վախճանեցան Աշոտ եւ Սըմ-բատ, եւ հայ երկիրը երկու տարի առանց թագաւորի մնաց։ Այն ժամանակ դուրս եկան մի քանի հոգի, իբրեւ հայոց թագաւորական իշխանութեան ժառանգորդներ։ Անոնց մէջ առաջինն էր յունաց Միքայէլ կայսրը՝ որ իր իրաւունքը կը հիմնէր Վասիլ կայսեր 1022 թուականին տրուած նամակին վրայ։ Այս նամակին մասին կը պատմուի, թէ Վասիլի եղբայր Կոստանդին կայսրը կը յանձնէ Հայոց Հայրապետանոցի հիւրընկալ Կիրակոս քահանային՝ պատուիրելով տանիլ յանձնել նամակը հայոց Յովհաննէս թագաւորին, բայց Կիրակոս քահանան անձնական շահի ակնկալութեամբ կը պահէ նամակը եւ կը յանձնէ Միքայէլ կայսեր։ Այս դէպքը արձանագրելով՝ Լաստիվերացին կը բացագանչէ. «Ո՜վ դառն վաճառ. ո՜րքան մարդոց ան իր անձը պարտական դարձուց. ո՜րքան եկեղեցիներ այն վաճառքի պատճառով աւերուեցան, ո՜րքան գաւառներ ամայի դարձան»։

Հայոց գահի միւս թեկնածուն Վեստ Սարգիսն էր, որ արքունի գանձերը յափշտակած էր, եւ նոյնիսկ մաքառած էր յունաց դէմ։

Բայց Պահլաւունի իշխանները միապէս երկուքին ալ հակառակ էին եւ անոնք թագաւորեցուցին Աշոտի որդին Գագիկը՝ որ դժբախտաբար աւելի կը սիրէր կրօնական խնդիրներով զբաղիլ, քան թէ քաջութեան գործերով պարապիլ։

Գագիկին կուսակից էր նաեւ Պետրոս կաթողիկոս՝ որ հանդիսաւորապէս զայն թագաւոր օծեց. 1042 թուականին։

Պետրոս Գետադարձի խիղճը կ՚երեւի կը տանջուէր իր նախկին կատարած գործի պատճառով, եւ այժմ Գագիկը թագաւորեցնելով ան իր մեղքը կը քաւէր, բայց դժբախտաբար արծաթսիրութիւնը զայն կրկին կուրացուց եւ գործեց վերջին եպերելի՝ դատապարտելի արարքը։

Կոնստանդին Թ. խաղաղ ճանապարհով Անիին տիրելու համար 1044 թուականին Գագիկը Պոլիս հրաւիրեց…

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 6, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 7, 2025