ՊԵՏՐՈՍ Ա. ԳԵՏԱԴԱՐՁ

Պետրոս Ա. Գետադարձ (1019-1058թթ.) կաթողիկոս դարձաւ ծանր եւ աղէտալից շրջանի մը մէջ՝ երբ հայրենիքի եւ եկեղեցւոյ վիճակը ԺԱ. դարու երկրորդ քառորդէն սկսած, քայքայուեցաւ՝ տարագիր եղաւ հայ ժողովուրդը իր հայրենի երկրէն. երկիրը աւերակներով լեցուեցաւ. Թագաւորական իշխանութիւնը ինկաւ. իսկ հայրապետականը յետին վատթարութեան հասաւ։ 

Այս թշուառութիւններու պատճառ որչափ եւ արտաքին հանգամանքները եղան, նո՛յնչափ ալ հայ ազգային գործիչները՝ թագաւորներէ եւ հոգեւորականներէ սկսած, որոնք իրենց արծաթասիրութեամբ, իրենց անձնական շահերու եւ անդորրութեան եւ սնափառութեան գոհացումի ձգտումով՝ մեծապէս նպաստեցին հայրենիքի թշնամիներուն եւ սուգ եւ աւեր բերին հայրենի երկրին…

Ահաւասի՛կ, այսպիսի ծանր ժամանակ մը կաթողիկոս դարձաւ Պետրոս Գետադարձ՝ որ իր դիրքով, գիտութեամբ եւ հեղինակութեամբ կարող էր շատ դժբախտութիւններու առաջքը առնել, բայց արծաթսիրութեամբ մոլուած ինքն ալ չարիքներու պատճառ դարձաւ։

Անոր հայրապետութեան երկրորդ տարին ընտանի պատերազմ մը ծագեցաւ (1020թ.). դժբախտութիւնը այն էր, որ անդրանիկութեան իրաւունքով հայոց թագաւոր դարձաւ տարտամ, հեղգ, թուլամորթ, քաջութենէ ի սպառ զուրկ Յովհաննէս-Սմբատը, իսկ անոր քաջ, զօրաւոր, պատերազմներու մէջ անպարտելի Աշոտ եղբայրը, ժամանակի պահանջներուն համապատասխան անձնաւորութիւնը՝ զրկուեցաւ գահէն իբրեւ կրտսեր։ 

Թագաւորական աթոռը ձեռք ձգելու համար Աշոտը եղբօր դէմ դուրս եկաւ պատերազմով եւ յաղթեց, բայց իշխաններու եւ եկեղեցականութեան համակրութիւնը Յովհաննէս-Սմբատի կողմն էր։

Պետրոս Կաթողիկոս եւ իշխաններ հաշտեցուցին երկու եղբայրը այն պայմանով, որ Յովհաննէս-Սմբատէն յետոյ թագաւոր դառնայ Աշոտը եւ սա ակամայ հաշտուեցաւ իր վիճակին հետ եւ անձնատուր եղաւ զեղխութեան։

Այս ներքին խաղաղութենէն յետոյ պատահեցաւ նոր դէպք մը, որ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ հայ ազգային կեանքի համար։ Վրաց Կէորկի թագաւորը Յովհաննէս-Սմբատի խորհրդակցութեամբ եւ գործակցութեամբ յունաց Վասիլ թագաւորին ապստամբեցաւ (1022թ.)։ Այս ապըս-տամբութիւնը զսպելու համար Վասիլը Կարին եկաւ եւ աւերեց Կէորկիի գաւառները եւ հեռացաւ Տրապիզոն՝ Խաղտեաց երկիրը։ Յովհաննէս-Սմբատ վախնալով, որ մի գուցէ իր երկիրն ալ Վասիլի բարկութեան ենթարկուի, 1022 թուականին մեծ շուքով Պետրոս Կաթողիկոսը Վասիլի մօտ ուղարկեց՝ անոր սիրտը քաղցրացնելու համար, միանգամայն, ինչպէս կ՚ըսեն՝ պատուիրեց՝ իր կողմէ Անին յոյներու յանձնելու թուղթ տալ, եթէ կայսրը յօժարի պաշտպանել զինք՝ Սմբատին թշնամիներէն։

Պետրոս Կաթողիկոս Գետադարձ մեծ բազմութեամբ, որոնց մէջ էր նաեւ Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետը, ներկայացաւ Վասիլ կայսեր եւ սիրով ընդունուեցաւ։ Այս տեսակցութեան ժամանակ ահա գրուեցաւ «Հայոց աշխարհի կորստեան գիրը եւ նամակը» եւ կայսրը խոստացաւ չվնասել հայոց երկիրը եւ պաշտպանել զայն։ Այս ժամանակի (1023, յունուար թ.) Պետրոս Կաթողիկոս կայսեր ներկայութեամբ կատարեց նաեւ Քրիստոսի մկրտութեան տօնը Ճորոխ գետի վրայ, որ մանրամասն նկարագրուած է հայ պատմիչներու կողմէ. կ՚աւանդուի, թէ երբ հայոց հայրապետը միւռոնը ջուրը կաթեցուց եւ Ս. Խաչը երեք անգամ ջուրի մէջ մտցուց, սաստիկ լոյս փայլեցաւ եւ գետը իր ընթացքը դադրեցուց. ահա ա՛յս իսկ պատճառով Պետրոս Կաթողիկոս «Գետադարձ» կոչուեցաւ։

Կայսեր ընծաներով վարձատրուած՝ Պետրոս Կաթողիկոս վերադարձաւ Հայաստան։ Բայց 1024 թուականներուն ան հեռացաւ Սեբաստիոյ Սենեքերիմ թագաւորի մօտ եւ այստեղ մնաց մինչեւ 1029 թուականը, երբ առ ժամանակ Կարսի Աբաս թագաւորի մահուան առթիւ վերադարձաւ Անի…

Պիտի շարունակուի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 5, 2025, Իսթանպուլ

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2025