ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
Երկարաշունչ յօդուածաշարքէ մը ետք հասանք Լինքընի նամակի վերջին նախադասութեան. «Տես, թէ ի՛նչ կրնաս ընել». այս տողին մէջ ամփոփուած է ուսուցիչի մը պարտաւորութիւնը. ընել այն ամէնը, որ կրնայ ընել՝ ամբողջական նուիրումով: Ուսուցչութիւնը պատասխանատուութիւն մըն է, որ բոլորը չեն կրնար իրենց ուսերուն վերցնել: Լինքըն կը գիտակցի, որ ուսուցչութիւնը պարզապէս աշխատավարձ ստանալու մասնագիտութիւն մը չէ. ան մարդկային արժէքներու փոխանցման եւ մարդ կերտելու գործընթաց մըն է եւ այդ մէկը ամբողջական նուիրում կը պահանջէ: Ուսուցիչէն կը պահանջուի տալ ո՛չ միայն իր ժամանակը, այլ՝ հոգին, միտքը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան՝ անմնացորդ, որովհետեւ ուսուցիչի դաստիարակութիւնը ծնողքի դաստիարակութեան հետ միանալով կը կազմեն մարդը, որ վաղուան առաջնորդը, դատաւորը, բժիշկը եւ ղեկավարը պիտի ըլլայ:
Ուսուցչութիւնը սրբազան առաքելութիւն մըն է եւ այդ մէկը ընտրութենէ աւելի շնորհք մըն է, որովհետեւ յստակ տարբերութիւն մը կայ ուսուցիչին եւ դասատուին միջեւ: Դասատու դառնալու համար բաւարար է դասաւանդելիք նիւթի իմացութիւնը, սակայն ուսուցիչ դառնալը շատ աւելին կը պահանջէ. ուսուցիչը պէտք է յաջողի տեսնել աշակերտի կարիքները. պէտք է հասկնայ անոր հոգեբանութիւնը, լաւապէս ճանչնայ անոնց դրական եւ բացասական կողմերը, տեսնէ՛ անոնց երազանքն ու նպատակները եւ այդ բոլորը իրականացնելու համար ընէ կարելին, որովհետեւ անոնց իրագործումը աշակերտին չափ կախեալ է նաեւ ուսուցիչէն:
Լինքընի «Տես, թէ ի՛նչ կրնաս ընել» արտայայտութիւնը կոչ մըն է ուսուցիչին դուրս գալ սահմաններէն, որովհետեւ ուսուցչութիւնը «լաւ ապագայ» մը ունենալու եւ «հանգիստ» կեանք մը ապրելու ասպարէզը չէ. զոհողութիւն է՝ նոյնիսկ աննշմար պայմաններու մէջ: Ուսուցչութիւնը մեր ակնկալածէն շատ աւելի ծանր պարտաւորութիւն մըն է. ուսուցիչը կը պատրաստէ վաղուան սերունդը եւ այդ սերունդը կը փոխէ ազգի մը ապագան: Ուսուցիչը լոկ վաղուան դատաւորը կամ ղեկավարը չէ՛, որ կը պատրաստէ, այլեւ ամբողջ ազգի մը ճակատագիրին հետ գործ կ՚ունենայ, որովհետեւ առողջ սերունդ մը ստեղծող ուսուցիչը աշխարհին կու տայ առողջ սերունդներ, որովհետեւ լաւ դաստիարակութիւն ստացած աշակերտը ապագային լաւ ընտանիք պիտի կազմէ, լաւ հայ ու մայր պիտի դառնայ եւ այդ դաստիարակութեան ազդեցութիւնը պիտի զգացուի աւելի քան մի քանի տասնամեակներ:
Ուսուցչութեան պատասխանատուութիւնը բոլորը չեն կրնար վերցնել. այդ մէկը կը պահանջէ համբերութիւն եւ անսահման նուիրում:
Արիստոտել իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ով որ ուսուցիչ է, երկու անգամ մարդ դարձած է. առաջինը իր անձով, երկրորդը իր աշակերտով»։ Այսօր երբ հայ գրականութեան մէջ կարդանք հին գրողներու եւ մտաւորականներու մասին՝ կարեւորութեամբ կը շեշտենք, թէ ո՞վ եղած է անոնց ուսուցիչը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ուսուցիչը մեծ դեր ունի անձի մը ապագային վրայ. Օրինակ՝ Պէշիկթաշլեան իր հայրենասիրութեամբ բազմաթի՜ւ մտաւորականներ առաջ բերած է, որովհետեւ յաջողած է անոնց մէջ արթնցնել սէրը գիրքի, գրականութեան եւ մայր լեզուի հանդէպ:
Քիչ մը տարօրինակ է ըսել, սակայն, այսօր դպրոցական գրասեղաններու ետին ապագայ դատաւորներուն, ղեկավարներուն ու առաջնորդներուն կողքին նստած են նաեւ ապագայ գողերը, ոճրագործներն ու մեղաւորները. անոնք վստահաբար գող կամ ոճրագործ ծնած չեն. սակայն գող եւ ոճրագործ պիտի դառնան եւ այդ մէկը կանխելը ուսուցիչի մը մեծագոյն պարտաւորութիւնն է: Ուսուցիչը պէտք է ներշնչէ, պէտք է յաջողի անոնց համոզել ու հասկցնել գողութեան կամ ոճրագործութեան ինչութիւնը եւ այդ բոլորը միայն խօսք պէտք չէ ըլլայ: Ուսուցիչը պէտք է ընէ իր կարելին, անոնց մէջ բարոյական սկզբունքներ ստեղծելու համար: Ուսուցիչի մը մեծագոյն դերը ներշնչելն է. ամերիկացի մտաւորականներէն մին կը գրէ. «Սովորական ուսուցիչը կը պատմէ, լաւ կը բացատրէ, իսկ մեծ ուսուցիչը կ՚ոգեշնչէ». այս վերջինն է կարեւորը:
Լինքընի այս ամբողջական նամակը կու գայ իւրաքանչիւրիս յիշեցնելու, որ դպրոցը պարզ տեղ մը չէ՝ ուր մեր զաւակները կը ղրկենք, որպէսզի գնահատականներ ստանան ու տարուէ տարի դասարան բարձրանան: Այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ Լինքընի այս նամակը մինչեւ օրս կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը. այս նամակը կարեւոր է թէ՛ ծնողքին եւ թէ ուսուցիչին համար: Դպրոցին մէջ է, որ կը ձեւաւորուի մեր ապագայ սերունդին մտաւոր կարողութիւնը. այս նամակին ամբողջական նպատակը հետեւեալն է. Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ըլլայ ինք-նավստահ. ունենայ իր նպատակներն ու երազները, կողմնակից ըլլայ արդարութեան եւ ձախողութենէն չվախնայ եւ այս բոլորը դպրոցը կրնայ սորվեցնել, ինչ որ աւելի կարեւոր է՝ քան գնահատականներն ու նիշերը:
Երանի՜ այն ուսուցիչին, որ իր անձը կը վառէ՝ աշակերտին ճամբան լուսաւորելու համար. նման ուսուցիչներու պակասովը կը տառապի այսօր մարդկութիւնը:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ պէտք է ուսուցիչ դառնայ:
Պատասխան. Ուսուցիչ պէտք է դառնայ այն մարդը, որ սէր ունի գիտելիքին եւ ապագային նկատմամբ: Ուսուցիչը ո՛չ միայն գիտելիք փոխանցող անձ է, այլ նաեւ արժէք ներշնչող, հոգեկան ուժ փոխանցող ու օրինակ հանդիսացող անձնաւորութիւն: Ան պէտք է ունենայ համբերութիւն, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն եւ նուիրում աշակերտը կրթելու: Ուսուցիչ դառնալու կոչումը կը պահանջէ ներքին ձգտում կրթութեան ճամբով հասարակութեան ծառայելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան