ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ՝ «ԵՍ»Ը
Խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Կեանքին առաջին տարիներէն իսկ, ան կը զարթուցանէ տղան դէպի ճանաչումը եւ գործադրումը «ներքին օրէնք»ին՝ որ ճանչցուծ է բարոյական խղճմտանքէն։ Խոհական կրթութիւնը մարդուն կ՚ուսուցանէ առաքինութիւնը, զերծ կը պահէ կամ կը բուժէ զայն վախէն, եսասիրութենէն, հպարտութենէն, յանցաւորութեան քինախնդրութենէն եւ մարդկային տկարութենէն եւ թերութիւններէն եւ յանցանքներէն ծնած կամահաճութեան շարժումներէն։ Խղճմտանքին կրթութիւնը կ՚երաշխաւորէ մարդուն ազատութիւնը եւ ծնունդ կու տայ սրտի խաղաղութեան եւ երանութեան։
Ահաւասի՛կ, այս ընթացքին մէջ, մարդուս մեծագոյն թշնամին եւ ալգելքն է իր իսկ «ԵՍ»ը։
«ԵՍ»ը կ՚ազդէ ո՛չ միայն մարդուս ներկայ կեանքին վրայ, այլ նաեւ՝ յիշողութեան վրայ…
Եւ այն «ԵՍ»ը՝ բոլոր մեղքերուն գարշելի մայրը, վաղեմի օձին հարազատ ձագը, Աստուծոյ անհասանելի փառքին մրցակիցը, Քրիստոսի աթոռին նախանձորդը, մի՛շտ արթուն, մի՛շտ պտրաստ հնարամիտը, պատեհութիւններէ օգտուող եւ շահագործող ամենամեծ «ճարպիկ»ը, ամէն բանի մէջ նախապատուութիւն որսացողը։ Ո՛վ «ԵՍ». դո՛ւն մի՛շտ խորամանկ, շահամոլ եւ չա՛ր. մի՛շտ ծուռ, մի՛շտ ճարտար… եւ մի՛շտ խաբեբայ…
Ո՞ր տեղ չէ «ԵՍ»ը. ի՞նչ բանի մէջ չի պակսիր ան։ Ո՞ր մէկ առիթ չէ շահագործած «ԵՍ»ը, ո՞ւր չէ ցցած իր գլուխը։ Ո՜վ «ԵՍ». ապականութեան աղբիւր, անխոստովանելի մեղք, մարդուն մեծագոյն թշնամին։ Ան կը շարժի պարագային համեմատ եւ կերպարանք կը փոխէ պահանջին համեմատ եւ կ՚այլափոխուի օրուան իւրաքանչիւր պահուն հետ։ Ան ամչնալ չի գիտեր, չ՚ազդուիր յանդիմանութենէ, չի լռեր սաստումէ, չի մեռնիր մահացու հարուածներէ…
Ամէն զղջումէ ետքը՝ դարձեալ ծուղակ կը լարէ «ԵՍ»ը։ Մարդ երբ կը համոզուի, թէ խոնարհ եւ անձուրաց է՝ յանկարծ կը տեսնէ, որ մեռած չէ՛ «Ես»ը. դեռ կը յամառի ապրիլ եւ շարժիլ յարատեւօրէն։ «Ես»ը յայտնելու ի՞նչ բառեր կարելի է գտնել, կամ ի՞նչ խօսքերով կարելի է ներկայացնել եւ ի՞նչ խոստովանութիւններով կարելի է խայտառակել… դժուա՛ր հարց է։
«Ես»ը աննահանջ թշնամի մըն է։ Աննշմար որսորդ մըն է ան։ Նաեւ՝ անպատկառ պայքարո՛ղ։ Ան փառքի մուրացկան մըն է. պատիւի ծարաւի, ցուցամոլ «փարիսեցի», անյագ յա-փըշտակող, անյուսահատ հետապըն-դող, ընտանի դաւաճան, թշնամի՝ իբր «բարեկամ», մեղքերու սնուցիչ մայր, սրբութիւն աղարտող, զգացումները խաթարող, հոգին մրոտող, մոլեգին ոսոխ, խայտառակուելէ խուսափող, բանսարկուին պէս խորամանկ, իրմէ զատ ո՛չ մէկ բան սիրող ինքնամոլ եւ նոյնիսկ ինքն իրեն թշնամի՛…
«Ես»ը՝ թունաւոր պտուղով գեղեցիկ ծառ, տեսքով՝ հրապուրիչ, հպումով՝ մահացո՛ւ, հեշտին խաբկանքը, հետեւանքը՝ ահարկո՛ւ։ «Ես»ը թէեւ աներեւոյթ, բայց գործած աւերը մե՛ծ։ Հարուածները թեթեւ, սակայն տուած վէրքերը՝ խորունկ։
«Ես»ը՝ ամենէն հարազատներէն, նախանձը, անձնասիրութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, անզիջողութիւնը, դառնութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, ինքնաբաւութիւնը, անարդար եւ անիրաւ զայրոյթը անպակաս թըշ-նամի՛ն։ Թունաւոր եւ թաքուն մեղքերու աղբիւր՝ «Ես»ը։
Արդեօք կարելի՞ պիտի ըլլայ, որ մարդ իր իսկ «Ես»ին պարտութիւնը եւ մահը տեսնէ… Ո՜վ գարշելի «Ես»՝ ոխերիմ թշնամի՛, ահաւոր եւ զազրելի մրցակից բարութեան, խաղաղութեան, եղբայրսիրութեան եւ ամէն բանի՝ որ բարի է եւ ճշմարիտ։ Եւ «Ես»ին թողած վէրքերը եւ արատները մաքրելու միակ դեղը եւ աղբիւրը Յիսուս Քրիստոսն է. Անոր սրբարար եւ ամենաբոյժ Ս. Արիւնը։ «Ես»ին խաբեբայ եւ անողորմ ճանկերէն զերծ եւ ապահով մնալու միակ վայրը՝ Խաչին ոտքն է։
Քրիստոս եկաւ՝ Աստուած մարմնացաւ եւ մարդացաւ օձին գլուխը ջախջախելու եւ մարդը փրկելու իր «Ես»էն՝ սկզբնական եւ ոխերիմ թշնամիէն փրկելու՝ ջախջախելու մարդուն «Ես»ը՝ յաւիտենապէ՛ս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2025, Իսթանպուլ