ԴԷՄՔԵՐ ԿԱՆ…

Մարդիկ թէեւ հաւասարութեան սկզբունքով ստեղծուած են, բայց ամէն մէկը որպէս անհատ կը տարբերին իրարմէ, քանի որ ամէն մէկը «անձ» մըն է եւ տարբեր յատկութիւններ ունի։ Եւ այս իմաստով, հաւասարութիւնը ո՛չ թէ արտաքին տեսքի եւ վիճակի մասին, այլ ամէն մէկուն իր յատկութիւններուն եւ կարողութիւններուն չափով՝ բնութեան ներկայացուցած ամէն տեսակ առիթներէն՝ բարիքներէն օգտուելու բնատուր իրաւունքի մէջ պէտք է հասկնալ։ Հաւասարութեան ըմբռնումին հասկացողութիւնը ընդհանրապէս ա՛յս է եղած։

Ահաւասի՛կ այս հաւասար, բայց տարբեր անձերու մէջ դէմքեր կան՝ որոնք իրենց ուշագրաւ եւ առինքնող դիմագծով եւ տպաւորիչ արտայայտութեամբ կը քանդակուին եւ կը տպաւորուին մեր յիշողութեան վրայ եւ հոն կը մնան տարիներով անջնջելի կերպով։ Տիպար մարդիկ ալ կան՝ որոնք նկարագրի եւ բնաւորութեան ցայտուն գրաւիչ գիծերով եւ կամ իրենց առանձնայատուկ դրոշմներով կը զանազանուին մարդերու բազմութենէն, եւ անոնց հետ պատահական հանդիպում մը կամ կարճատեւ ծանօթութիւն մը յիշողութեանդ անկորնչելի, անջնջելի մէկ դրամագլուխը կը դառնայ, եւ որուն կ՚ուզես անդրադառնալ ատեն-ատեն։

Արդարեւ, կան համեստ ուսման տէր բայց փորձառու՝ կեանքի դպրոցէն հասած ծերունի մարդիկ, որ հակառակ իրենց տարիքին չարաչար աշխատողներ են՝ յարգուած եւ սիրուած դէմքեր…

Անոնք ո՛չ միայն իրենց մօտաւոր շրջանակին՝ այլ նաեւ շրջակայ բոլոր միջավայրերու մէջ, անոնց դէմքը՝ որ իրենց բարութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը կը ցոլացնէ, շրջապատուած է աւանդական սպիտակափառ մօրուքով՝ որ ընդհանրապէս տարիքի եւ կրօնասիրութեան պահանջքը եւ խորհրդանիշն է։

Անոնք, ընդհանրապէս կը խորշին բազմութեան մէջ ընկերային կեանք վայելելէ՝ չհաւանելով քաղաքներու բարքերուն եւ անոնց շպարեալ քաղաքակրթութիւնը ներհակ կը նկատեն աւանդական համեստ կեանքին, նաեւ հաւատքի, կրօնասիրութեան եւ արդարութեան։ Այսպէս համեստ ուսման տէր ծերունիներ անգիտակցաբար կը մտածեն լատին աշխարհահռչակ բանաստեղծ Վիրգիլիոսի պէս, որ գիւղական համեստ կեանքի ներբողը ըրած ատեն ըսաւ. «… Աստուծոյ պաշտամունքը եւ սրբանուէր ալեւոր հայրեր։ Արդարութիւնը մինչեւ վերջ հետդ առ երկրէ մեկնելու ատեն…»։

Ամէն մարդ՝ ամէն մարդէ սորվելիք բան մը ունի, ո՛չ մէկը կրնայ ստորադասել մէկու մը գիտութիւնը, ուստի, այսպիսի աւանդապահ, ալեւոր, բաղդատաբար համեստ գիտութեան տէր բայց կեանքի փորձառութեան ուժով օժտուած ծերունիի մը հետ խօսիլ՝ հաճելի է եւ զբօսացուցիչ, եւ ինչո՞ւ չէ. ուսուցանող։ Անոնք անկեղծ են եւ խիստ քաղաքավար եւ փափկանկատ. իրենց ըմբռնած քաղաքավարական մէկ ձեւին համեմատ, իրենց խօսակիցը պատուելու համար կարեւոր գիտութիւններ, տեղեկութիւններ, խօսքեր եւ խորհրդածութիւններ կը վերագրեն իրենց հիւրերուն. ճշմարիտ իմաստասէրի մը խոհականութիւնը ունին անոնք։ Իրենց վարմունքը կ՚արտայայտուի իրենց քաղաքավարական խօսքերով. «Ինչպէս որ դիտել տուիք…», «ձեր այցելութիւնը պատիւ պատճառեց մեզի…» եւ «ինչպէս որ ձեր ազնուութիւնը ըսաւ…» եւ ասոնց նման արտայայտութիւններով եւ բացատրութիւններով՝ որոնք հիւրին միտքէն իսկ երբեք անցած չէին, եւ այսպէս շուարումի մատնելով իրենց խօսակիցը, մինչեւ որ վարժուէր անոնց այս սովորութեան։

Անոնք ալ, անշուշտ, վիշտեր եւ ցաւեր կ՚ունենան, քանի որ աշխարհի եւ կեանքի երբեք անտարբեր չեն. բայց հակառակ իրենց վիշտերուն, իրենց սիրուն եւ կայտառ երեւոյթով՝ երբեք չեն ուզեր ակնարկութիւն ընել եւ խօսիլ իրենց վիշտերուն մասին՝ իրենց անձնական կսկիծներուն։ Բարեգործներ են անոնք, բոլորին ծանօթ են անոնց բարեգործութիւնները եւ մարդասիրութիւնը՝ զոր կը ցուցնեն մա՛նաւանդ՝ զրկուածներուն եւ անիրաւուածներուն եւ բոլոր կարօտեալներուն։ Բայց այդ համեստ ծերունի «հերոս»ները երբեք իրենք զիրենք չեն յայտներ եւ չեն փափաքիր, որ այս նիւթով իրենց մասին խօսուի։

Այս, համեստ գիտութեան տէր՝ չըսելու համար «անգիր» եւ «տգէտ» ծերունիներ սորված են կեանքին վրայ նայիլ փիլիսոփայի մը նման։ Իրականին՝ իմաստութիւնը գրել-կարդալէ բոլորովին անկախ յատկութիւն մըն է. կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ այս իրողութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 4, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2026